Միջազգային

Մոսկուա. «Լաւրով Եւ Զարիֆ Պիտի Քննարկեն  Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրին  Շուրջ Կացութեան Մագլցումը»

Մոսկուա. «Լաւրով Եւ Զարիֆ Պիտի Քննարկեն Իրանեան Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Կացութեան Մագլցումը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սերկէյ Լաւրով իր իրանցի գործընկեր Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի հետ Մոսկուայի մէջ պիտի քննարկէ «իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ կացութեան մագլցումը»: Նախարարութիւնը նշեց, որ շաբաթ օր Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ հանդիպումը «արտակարգ պիտի ըլլայ»: Նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա իր կարգին յայտնեց, որ իր երկիրը մտահոգ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ֆրանսայի...

Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետի Օգնականը  Կը Հաստատէ Թուրքիոյ Հետ  Զինուորական Գործակցութիւնը

Իրանեան Բանակի Սպայակոյտի Պետի Օգնականը Կը Հաստատէ Թուրքիոյ Հետ Զինուորական Գործակցութիւնը

Իրանեան բանակի սպայակոյտի պետի օգնական գնդապետ-զօրավար Մոհամետ Ալուի վերահաստատեց դրացի երկիրներու, ներառեալ Թուրքիոյ հետ զինուորական գործակցութիւնը` նշելով. «Իրանի իսլամական հանրապետութեան քաղաքականութիւնը միշտ հիմնուած է բարեկամ երկիրներու, մասնաւորաբար դրացի երկիրներու, որոնց շարքին Թուրքիոյ հետ գործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքին վրայ»: Ան աւելցուց, որ փոխադարձ գործակցութեան ծիրին մէջ Իրան կրնայ իր արտադրութիւններն ու զինուորական ճարտարագիտութիւնը փոխանակել, ինչպէս նաեւ այդ առիթներէն օգտուիլ»: «Թրքական արտադրութիւնները բազմաթիւ...

«Պէտք Է Պատրաստուիլ Սուրիոյ Մէջ  Սադրանքներու Կրկնութեան»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Պէտք Է Պատրաստուիլ Սուրիոյ Մէջ Սադրանքներու Կրկնութեան» Կ՛ըսէ Լաւրով

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Տակաւին Սուրիոյ «Էս-300» համակարգեր յանձնել չորոշեցինք»: Ան նշեց. «Հակառակ ամերիկացիներուն եւ եւրոպացիներուն այդ արկածախնդրութենէն զգուշացնելնուս` պէտք է պատրաստուիլ Սուրիոյ մէջ սադրանքներու կրկնութեան»: Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց. «Սուրիոյ դէմ արեւմտեան հարուածները կացութիւնը վատթարացուցին»: «Քոմերսանթ» օրաթերթը երէկ հաղորդած էր, որ Ռուսիան մօտ օրէն կրնայ անհատոյց կերպով Սուրիոյ մատակարարել «Էս-300 Ֆաւորիթ» հակաօդային պաշտպանութեան...

Մերքել. «Գերմանիոյ Դեսպանատունը  Երուսաղէմ Պիտի Չփոխադրենք»

Մերքել. «Գերմանիոյ Դեսպանատունը Երուսաղէմ Պիտի Չփոխադրենք»

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ կը մերժէ իր երկրին դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրել Երուսաղէմ` հետեւելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի օրինակին: Ան նշեց, որ Երուսաղէմի վերաբերեալ որեւէ համաձայնութիւն պէտք է գոյանայ երկու պետութիւններու լուծման պատկերացումի ծիրին մէջ բանակցութիւններու ճամբով: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 10-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Մերքել շեշտեց, որ հակառակ մեծ դժուարութիւններուն եւ սակաւաթիւ յաջողութիւններուն, անհրաժեշտ է աշխատանքը...

«Էրտողանի Դէմ Պայքարին Մէջ  Պիտի Աջակցինք Կիւլին»  Կ՛ըսէ Քրտամէտ Երեսփոխան Մը

«Էրտողանի Դէմ Պայքարին Մէջ Պիտի Աջակցինք Կիւլին» Կ՛ըսէ Քրտամէտ Երեսփոխան Մը

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Զիյա Փիր խօսած է արտակարգ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի թեկնածութեան իրենց կողմէ հաւանական առաջադրման մասին: Ըստ ՏՀԱ-ի, ան նշած է, որ քրտամէտ կուսակցութեան մէջ Կիւլի թեկնածութիւնը առաջադրելու պահանջ կայ, իսկ եթէ առաջադրուի, իրենք միայն պիտի աջակցին անոր: «Այդ պատճառով Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ պայքարին մէջ անոր պիտի աջակցինք»,...

«Վեց Երկիրներ Պատրաստ Են  Իրենց Դեսպանատունը  Երուսաղէմ Փոխադրելու»  Կ՛ըսէ Նեթանիահու

«Վեց Երկիրներ Պատրաստ Են Իրենց Դեսպանատունը Երուսաղէմ Փոխադրելու» Կ՛ըսէ Նեթանիահու

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարած է, թէ առնուազն վեց երկիր լուրջ բանակցութիւններ վարած են Իսրայէլի իշխանութիւններուն հետ` իրենց դեսպանատուները Երուսաղէմ փոխադրելու համար: Այս մասին կը գրէ «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» օրաթերթը: «Ես ուրախ եմ յայտնելու, որ առնուազն վեց երկիրներ մեզի հետ լրջօրէն խօսած են իրենց դեսպանատուները Երուսաղէմ փոխադրելու մասին: Շնորհակալ ենք, Կուաթեմալա, որ ատիկա կատարած էք: Ձեր քայլին պիտի հետեւին ուրիշները»,...

Կուաթեմալայի Նախագահը Ներկայ Պիտի Գտնուի  Իր Երկրին Դեսպանատան Երուսաղէմ  Փոխադրման Արարողութեան

Կուաթեմալայի Նախագահը Ներկայ Պիտի Գտնուի Իր Երկրին Դեսպանատան Երուսաղէմ Փոխադրման Արարողութեան

Կուաթեմալայի արտաքին գործոց նախարար Սանտրա Կոֆիլ յայտարարեց, որ Կուաթեմալայի նախագահ Ճիմի Մորալես 16 մայիսին ներկայ պիտի գտնուի իր երկրի դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրութեան արարողութեան: Կոֆիլ յայտնած է, որ Կուաթեմալան Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութեան հետ կը գործակցի դեսպանատան փոխադրման աշխատանքներուն դասաւորման համար: Մորալես 24 դեկտեմբեր 2017-ին յայտարարած էր, որ իր երկրին դեսպանատունը Թել Աւիւը պիտի փոխադրէ Երուսաղէմ: Կուաթեմալան այդպիսով կը...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարած Է  Նոր Պաղ Պատերազմի Սկիզբը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Յայտարարած Է Նոր Պաղ Պատերազմի Սկիզբը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես խոստովանած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անարդիւնաւէտութիւնը` յայտարարելով նոր Պաղ պատերազմի սկիզբին մասին: «Լենթա» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին ան ըսած է շուէտական ՍՎԹ պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: «Պաղ պատերազմը վերադարձած է, սակայն ի տարբերութիւն 20-րդ դարու նոյնպիսի ժամանակաշրջանին` կան էական տարբերութիւններ: Այդ ժամանակ լուրջ տագնապ կար Միացեալ Նահանգներու եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ: Իսկ...

Թրամփ Յոյս Յայտնած Է, Որ Թուրքիոյ Մէջ  Դատուող Ամերիկացի Հոգեւորականը  Կը Վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ

Թրամփ Յոյս Յայտնած Է, Որ Թուրքիոյ Մէջ Դատուող Ամերիկացի Հոգեւորականը Կը Վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յոյս յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ դատարանի առջեւ կանգնած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրիւ Պրանսըն մօտիկ ապագային կը վերադառնայ Միացեալ Նահանգներ: Այս մասին Թրամփ գրած է «Թուիթըր»-ի վրայ: Ըստ Թրամփի, Պրանսըն ստիպուած է կանգնիլ դատարանի առջեւ, սակայն ատոր համար որեւէ հիմնաւոր պատճառ չկայ: «Զինք կը կոչեն լրտես, եթէ այդպէս է` ես անկէ աւելի լրտես եմ: Յոյս ունիմ,...

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի.  Ուաշինկթըն Սուրիոյ Դէմ Հրթիռային  Հարուածէն Առաջ Էրտողանի Միջոցով  Տեղեկութիւն Փոխանցած Է Փութինին

Ըստ «Հիւրրիեթ»-ի. Ուաշինկթըն Սուրիոյ Դէմ Հրթիռային Հարուածէն Առաջ Էրտողանի Միջոցով Տեղեկութիւն Փոխանցած Է Փութինին

Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ Սուրիոյ դէմ հրթիռային հարուածէն առաջ Ուաշինկթըն Մոսկուային որոշակի տեղեկութիւն փոխանցած է Անգարայի միջոցով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: Ըստ օրաթերթին, հարուածներէն առաջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ օրեր առաջ Սուրիոյ հարցին շուրջ զրուցած էր թէ՛ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, թէ՛ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, ռուսական կողմը զգուշացուցած է, թէ...

Միջադէպ` Սէուտական Թագաւորական Պալատին Մօտ

Միջադէպ` Սէուտական Թագաւորական Պալատին Մօտ

Սէուտցի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ սէուտական ապահովական մարմինները շաբաթ օր մայրաքաղաք Ռիատի Խազամի թաղամասին մէջ, ուր կը գտնուին թագաւորական պալատները, կրակ բացած են անձնական նպատակներու համար օգտագործուող անօդաչու թռչող սարքի մը վրայ: Ան յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը սարքի վար առնուելու միջադէպին ընթացքին չէր գտնուեր պալատին մէջ: Սէուտական լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց,...

Հոլանտա Թուրք Պաշտօնեաներուն Պիտի Չարտօնէ Նախընտրական Քարոզարշաւի Ծիրին Մէջ Խօսք Արտասանել Թուրք Համայնքին Առջեւ

Հոլանտա Թուրք Պաշտօնեաներուն Պիտի Չարտօնէ Նախընտրական Քարոզարշաւի Ծիրին Մէջ Խօսք Արտասանել Թուրք Համայնքին Առջեւ

Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթէ յայտարարած է, թէ իրենք չեն ուզեր իրենց երկրին մէջ տեսնել թուրք պաշտօնատարներ, որոնք պիտի փորձեն երկրի տարածքին մէջ նախընտրական քարոզչութիւն կատարել տեղւոյն թուրք համայնքին մօտ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը: Ռիւթէ շեշտած է, որ թուրք պաշտօնատարներու` Հոլանտայի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ծիրին մէջ ելոյթներու կազմակերպումը կրնայ վտանգել տեղւոյն հասարակական կարգը, բացի այդ` Հոլանտան չ՛ուզեր արտօնել...

Ուաշինկթըն Մտահոգ Է Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութեան Պայմաններուն Մէջ Ընտրութիւններու Կայացման Հեռանկարով

Ուաշինկթըն Մտահոգ Է Թուրքիոյ Մէջ Արտակարգ Դրութեան Պայմաններուն Մէջ Ընտրութիւններու Կայացման Հեռանկարով

Միացեալ Նահանգներ խորապէս մտահոգ են Թուրքիոյ մէջ գործող արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններ կատարելու հեռանկարով: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոյըրթ: «Արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ դժուար պիտի ըլլայ կատարել բացարձակ ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրութիւններ: Մենք ուշի-ուշով կը հետեւինք անոնց: Ի հարկէ պիտի...

Զարիֆ Կը Զգուշացնէ Թրամփը Իրան Պատրաստ Է Վերսկսելու Հիւլէական Ծրագիրի Զարգացումին

Զարիֆ Կը Զգուշացնէ Թրամփը Իրան Պատրաստ Է Վերսկսելու Հիւլէական Ծրագիրի Զարգացումին

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Իրանի իշխանութիւնները պատրաստ են վերադառնալու հիւլէական ծրագիրի զարգացման, եթէ ամերիկեան կողմը դուրս գայ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի օրով Թեհրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած պատմական համաձայնագիրէն: Յիշեցնենք, որ 2015-ին Իրանի եւ Վեցեակին (Միացեալ Նահանգներ, Ռուսիա, Չինաստան, Բրիտանիա, Ֆրանսա եւ Գերմանիա) միջեւ կնքուած...

Սպիտակ Տուն. «Պոլթըն Հանդիպում Ունեցաւ Ամերիկայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ»

Սպիտակ Տուն. «Պոլթըն Հանդիպում Ունեցաւ Ամերիկայի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանին Հետ»

Սպիտակ տունը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճոն Պոլթըն հանդիպում ունեցած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնովի հետ: Սպիտակ տունը կ՛աւելցնէ, որ հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները: Պոլթըն վերահաստատած է, որ աւելի լաւ յարաբերութիւնները կը բխին Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ շահերէն: Ըստ Պոլթընի, յարաբերութիւններու բարելաւման համար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ քննարկել մտահոգութիւն պատճառող...

Սուրիոյ Մէջ Ձերբակալուած Է 11 Սեպտեմբեր  2011-ի Ահաբեկչութիւններու Մեղսակից Անձ Մը

Սուրիոյ Մէջ Ձերբակալուած Է 11 Սեպտեմբեր 2011-ի Ահաբեկչութիւններու Մեղսակից Անձ Մը

Սուրիոյ մէջ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը ձերբակալած են Մոհամետ Հայտար Զամարը, որ կապ ունի Միացեալ Նահանգներու մէջ 11 սեպտեմբեր 2011-ի ահաբեկչութիւններուն հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք կը հաստատենք, որ Մոհամետ Հայտար Զամարը` սուրիական ծագումով Գերմանիոյ քաղաքացին, ձերբակալուած է շուրջ մէկ ամիս առաջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ գործողութեան ընթացքին, որ կատարած են Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը», ըսած է Փենթակոնի...

Լաւրով. «Սուրիական Կարգ Մը Շրջաններուն Դէմ  Ամերիկեան Յարձակումները  Կարմիր Գիծերու Շրջանցում Են»

Լաւրով. «Սուրիական Կարգ Մը Շրջաններուն Դէմ Ամերիկեան Յարձակումները Կարմիր Գիծերու Շրջանցում Են»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինը հրաւիրած է Սպիտակ տուն, իսկ Ռուսիոյ նախագահը պատրաստ է անոր հետ հանդիպում ունենալու: Ան յայտնեց, որ երկու ղեկավարները իրենց երկիրներուն միջեւ զինուորական բախում մը պիտի չարտօնեն: Խօսելով Սուրիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու, Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի վերջին յարձակումներուն մասին` Լաւրով...

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով.  Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Ռիատի Մէջ  Հանդիպում Կ՛ունենայ Վատիկանի  Բարձրաստիճան Ներկայացուցիչին Հետ

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով. Սէուտական Արաբիոյ Թագաւորը Ռիատի Մէջ Հանդիպում Կ՛ունենայ Վատիկանի Բարձրաստիճան Ներկայացուցիչին Հետ

Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորը մայրաքաղաք Ռիատի մէջ հանդիպում ունեցաւ կարտինալ Ժան-Լուի Թորանի հետ: Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ կաթողիկէ բարձրաստիճան հոգեւորական մը կ՛այցելէ Սէուտական Արաբիա: Վատիկանի մէջ Կրօններու երկխօսութեան պապական խորհուրդի նախագահ կարտինալ Թորանի հետ հանդիպումը Սալման թագաւորին ու կաթողիկէ պաշտօնատարի մը միջեւ առաջին հանդիպումն է: Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն ընթացքին սէուտցի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ հանդիպումներ...

Պաքուի Մէջ` Եւրոպայի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Հրամանատարի  Եւ Ռուսիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետի Միջեւ Հանդիպում

Պաքուի Մէջ` Եւրոպայի Մէջ ՕԹԱՆ-ի Հրամանատարի Եւ Ռուսիոյ Բանակի Սպայակոյտի Պետի Միջեւ Հանդիպում

Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Վալերի Կերասիմով աշխատանքային այցելութեամբ մեկնած է Պաքու, ուր հանդիպում ունեցած է Եւրոպայի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերու գլխաւոր հրամանատար, ամերիկացի զօրավար Քուրթիս Սքափարոթիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, կողմերը քննարկած են եւրոպական շրջանին մէջ ՕԹԱՆ-ի եւ Ռուսիոյ զինուորական գործակցութեան, վստահութեան բարձրացման եւ միջադէպերու կանխարգիլման վերաբերող հարցեր:

«Սքրիփալներու Գործը Եւ Սուրիոյ  Իրավիճակը Իրարու Կապուած Են»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Արեւելեան Ղութայի Մէջ Յայտնաբերուեցան Գերմանական Եւ Բրիտանական Արտադրութեամբ Քլորի Բեռնարկղներ Ու Կազի Ռումբեր» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ սուրիական կառավարական ուժերը Արեւելեան Ղութայի մէջ յայտնաբերած են եւրոպական արտադրութեամբ Գերմանիայէն եկած բեռնարկղներ, որոնք կը պարունակէին քլոր, «որ քիմիական զէնքերուն ամէնէն ահաւորն է, ինչպէս նաեւ Սալզպըրիի մէջ արտադրուած կազի ռումբեր»: «Շատ դժուար է այս իրականութիւնը որեւէ ձեւով մեկնաբանել, ատիկա շատ սարսափելի է եւ կ՛ականահարէ կարգ մը երկիրներու մարդասիրութեան նկատմամբ հաւատքը:...

Page 619 of 883 1 … 618 619 620 … 883

Արխիւներ