Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները մինչեւ 1 յունիս յետաձգած են դաշնակից երկիրներու համար պողպատի եւ ալիւմինիոմի համար բազմամիլիառանոց մաքսատուրքերու սահմանումին վերաբերող որոշումը: Այդ մասին կը յայտնէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Սպիտակ տան յայտարարութիւնը:
Յայտարարութեան համաձայն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յետաձգած է Եւրոպական Միութեան, Քանատայի եւ Մեքսիքայի համար մաքսատուրքերու վերաբերեալ որոշումին կայացումը:
Կը նշուի, որ Աւստրալիոյ, Արժանթինի եւ Պրազիլի հետ արդէն ձեռք բերուած է մշտապէս մաքսատուրքերէն ազատուելու վերաբերեալ համաձայնութիւն: