Թրքական բանակը Բիւրակնի մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) զինեալներուն դէմ լայնածաւալ գործողութիւններու կը պատրաստուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը:
Ըստ աղբիւրին, այդ պատճառով Բիւրակն նահանգի 8 շրջաններ, 26 տարբեր համայնքներ ու տարածքներ յայտարարուած են զինուորական յատուկ գօտի:
Փողոց դուրս գալու արգելքին ժամանակաւոր դրութիւնն ու զինուորական խստացուած վերահսկողութիւնը շրջանին մէջ պիտի գործեն մինչեւ 14 մայիս: