Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը անհրաժեշտ ստորագրութիւնները հաւաքելով` պաշտօնապէս որոշում տուած է 24 յունիսին տեղի ունենալիք արտակարգ նախագահական ընտրութեան կուսակցութեան կողմէ թեկնածու առաջադրել գործող նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը:
Թրքական «ՀապերԹիւրքը» կը գրէ, որ կուսակցութեան 316 անդամ ստորագրած է որոշումին տակ: Կուսակցական նիստը վարած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ:
«Մենք Թուրքիոյ դէմ ծրագրուող կեղտոտ խաղերուն պիտի յաղթենք մեր ժողովուրդին հետ միասին: Մեր թիկունքը հզօրագոյն թիկունքն է, մեր թիկունքը ժողովուրդն է», ըսած է Եըլտըրըմ:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան ընդառաջ դաշինք կազմուած է երկրի մեծագոյն ընդդիմադիր ուժը նկատուող Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան, նորաստեղծ «Լաւ» կուսակցութեան, ինչպէս նաեւ Ժողովրդավարական ու «Երջանկութիւն» կուսակցութիւններուն միջեւ:
Ըստ ձեռք բերուած համաձայնութեան, նախագահական ընտրութեան առաջին փուլին ընդդիմադիր կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը պիտի առաջադրէ իր թեկնածուն, իսկ երկրորդ փուլին բոլորը պէտք է աջակցին անոնցմէ ամէնէն շատ ձայներ ստացած թեկնածուին: