Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

4-րդ Անգամ Ըլլալով Փութին Ռուսիոյ Նախագահ

May 8, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը վերստին ստանձնած Վլատիմիր Փութին շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ քաղաքացիներուն վերստին նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին իրեն ցուցաբերած աջակցութեան համար եւ յայտարարած, որ այդ աջակցութիւնը կը նկատէ հսկայական քաղաքական դրամագլուխ եւ իր բարոյական յենարանը:

«Անգամ մը եւս կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել: Շնորհակալութիւն այն աջակցութեան համար, որ դուք` Ռուսիոյ քաղաքացիներդ, ինծի տուիք նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին: Զայն կը նկատեմ հսկայական քաղաքական դրամագլուխ եւ յուսալի բարոյական յենարան: Այդ աջակցութիւնը յոյս եւ հաւատք կը ներշնչէ, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ ամրապնդել իր հզօրութիւնը, իսկ մարդիկ աւելի լաւ պիտի ապրին», ըսած է Փութին երդման արարողութեան ընթացքին:

Փութին յայտարարած է, թէ ստանձնելով Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը` խիստ կը գիտակցի իր հսկայական պատասխանատուութեան` ժողովուրդին եւ Ռուսիոյ առջեւ:

«Այս վայրկեանին ստանձնելով Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը` յստակօրէն կը գիտակցիմ իմ հսկայական պատասխանատուութեանս ձեր բոլորին` մեր ամբողջ բազմազգ ժողովուրդին առջեւ, Ռուսիոյ` հսկայական յաղթանակներու եւ ձեռքբերումներու երկրին, ռուսական պետականութեան հազարամեայ պատմութեան եւ մեր նախնիներուն առջեւ», ըսած է Փութին` Քրեմլինի մէջ կազմակերպուած երդման արարողութեան ընթացքին:

Ան նաեւ յայտարարած է, որ իր պարտքը կը նկատէ եւ իր կեանքի իմաստը` ընել կարելի ամէն բան Ռուսիոյ, երկրի ներկային եւ ապագային համար:

 

Նախորդը

«Թուրքիան Պատասխան Պիտի Պահանջէ Իսրայէլէն Թէ՛ Երուսաղէմի Մէջ Տեղի Ունեցածի, Թէ՛ «Մաւի Մարմարա»-ի Համար» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Անգարա Պատասխանած Է Աֆրինի Բնակիչներուն Վերադարձը Խոչընդոտելու Մասին Ուաշինկթընի Յայտարարութեան

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.