Եւրոպական խորհուրդի փտածութեան դէմ պայքարի հարցերով աշխատանքային խումբը (ԿՐԵՔՕ) մտահոգ է կազմակերպութեան անդամ երկիրներէն շատերու կողմէ իր առաջարկներուն չհետեւելու փաստով:
«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի կազմակերպութեան տարեկան զեկուցումին մէջ, որ հրապարակուած է 3 մայիսին: Զեկուցումին հեղինակները կը պնդեն, որ խորհուրդին կողմէ առաջադրուած միջոցները գործնականին մէջ նախկինին պէս հազուադէպ կը կիրարկուին:
Փտածութիւնը ազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ վտանգ կը ներկայացնէ եւրոպական կառոյցներուն եւ ժողովրդավարութեան: Այդպիսի կարծիք յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ:
Ըստ անոր, անհրաժեշտ է հրապարակաւ դատապարտել երկիրներու իշխանութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու փտածութեան առնչուած գործունէութիւնը:
Իր կարգին Եւրոպական խորհուրդի փտածութեան դէմ պայքարի հարցերով աշխատանքային խումբի նախագահ Մարին Մրչելան նշած է, որ հասարակ քաղաքացիները պէտք է իրենց ներկայացուցիչներէն պահանջեն ո՛չ միայն հետեւիլ օրէնքներուն, այլ նաեւ համապատասխանել բարոյագիտական չափանիշներուն: