Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թրքական Բանակի Գործողութեան Պատճառով Աֆրինի 140.000 Բնակիչ Չի Կրնար Վերադառնալ Տուն» Կ՛ըսէ Նոուըրթ

May 5, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ յայտարարած է, որ Սուրիոյ հիւսիսը թրքական զինեալ ուժերուն կողմէ կատարուած զինուորական գործողութեան պատճառով Աֆրինի 140.000 բնակիչներ ստիպուած լքած են իրենց տուները եւ մինչեւ հիմա չեն կրնար վերադառնալ: Այս մասին Նոուըրթ յայտնած է մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Մենք նախապէս ալ յայտնած ենք Աֆրինի մէջ սկսած ճգնաժամի շուրջ մեր մտահոգութիւնները, որոնք այժմ ալ կը պահպանուին: Մենք Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ հոլովոյթին վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք` չխոչընդոտելու միջազգային մարդասիրական կառոյցներու աշխատանքը, ինչպէս նաեւ չխանգարելու մարդոց վերադառնալ իրենց տուները», ըսած է Նոուըրթ:

«Աֆրինի Գործողութիւնը Տակաւին
Ամբողջութեամբ Չէ Աւարտած» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, թէ թրքական զինեալ ուժերը տակաւին չեն պատրաստուիր հեռանալու Սուրիոյ հիւսիսէն:

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Էրտողան նշած է, թէ Աֆրինի գործողութիւնը իրենց համար տակաւին ամբողջովին չէ աւարտած:

«Աֆրինը մաքրելու գործողութիւնը հարիւր առ հարիւր աւարտած չէ: Միեւնոյն ժամանակ, Իտլիպի եւ Թել Ռիֆաաթի հետ կապուած հոլովոյթներ կը շարունակուին: Մեր արտաքին գործոց նախարարը շուտով պիտի մեկնի Միացեալ Նահանգներ, այդ հանդիպումին ժամանակ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ պիտի խօսին նաեւ Մընպեժի մասին: Մենք յոյս ունինք քայլեր ձեռնարկել Մընպեժը քրտական ջոկատներէն մաքրելու վերաբերեալ», ըսած է Էրտողան:

Յիշեցնենք, որ թրքական զինեալ ուժերը 20 յունուարին սկսած էին Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներուն դէմ զինուորական գործողութեան, որ ստացած է «Ձիթենիի ճիւղ» անուանումը:

Թրքական զինեալ ուժերը Աֆրինի կեդրոնը գրաւած էին 18 մարտին:

Նախորդը

Ներազգային Քաղաքականութեան Պատասխանատուութեան Նոր Փուլ

Յաջորդը

Դիմաւորելով 100-ամեակը-16. Յովհաննէս Թումանեանի «Միտքեր»-ի Հետ

RelatedPosts

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական  Յանձնախումբի Նախագահ.  «Ընտրութիւնները Արդար Էին  Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»
Միջազգային

Իսրայէլի Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբի Նախագահ. «Ընտրութիւնները Արդար Էին Եւ Պատշաճ Կերպով Տեղի Ունեցան»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.