Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էսթոնիոյ Մէջ Սկսած Են «Սիիլ» Միջազգային Ռազմափորձերը` Մասնակցութեամբ 15 Հազար Զինուորներու

Մայիս 4, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Էսթոնիոյ մէջ երէկ սկիզբ առած են «Սիիլ» միջազգային ռազմափորձերը` 15 հազար զինուորներու մասնակցութեամբ: Ինչպէս Էսթոնիոյ պաշտպանութեան ուժերու հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, ռազմափորձերը պիտի տեւեն մինչեւ 14 մայիս` հանրապետութեան ամբողջ տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ Լաթվիոյ հիւսիսը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

Նախարարութեան տուեալներով` ռազմափորձերը երկրի անկախութեան վերականգնումէն ի վեր մեծագոյնը պիտի դառնան: Անոնց պիտի մասնակցին 2 հազարական զինուորներ 15 պետութիւններէ` Պելճիքայէն, Բրիտանիայէն, Գերմանիայէն, Վրաստանէն, Դանիայէն, Իրլանտայէն, Քանատայէն, Լաթվիայէն, Լիթուանիայէն, Լեհաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ուքրանիայէն, Ֆինլանտայէն, Ֆրանսայէն եւ Շուէտէն: Զինուորներէն բացի, ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին ժողովրդային աշխարհազօրի զինեալներ, ոստիկաններ ու փրկարարներ:

«Փոսթիմիս» թերթը նախապէս հաղորդած էր, որ ռազմափորձի դիպաշարին համաձայն, Էսթոնիան պիտի պաշտպանուի թշնամական պետութենէն եւ անոր երեք դաշնակիցներէն: Ժողովրդական աշխարհազօրի հրամանատար հազարապետ-զօրավար Մէելս Քիյլան նախապէս օրաթերթին յայտնած էր, թէ պայմանական հակառակորդները կը գտնուին Ռուսիոյ եւ Պիելոռուսիոյ տարածքին մէջ:

 

Նախորդը

Մաքրոն Եւ Ռուհանի Համաձայնած Են Պահպանելու Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Թուրքիա Ապաստանած Սուրիացիները Կ՛ուզեն Երկրի Խորհրդարանին Մէջ Ունենալ Իրենց Երեսփոխանը

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?