Գերմանիոյ Լիւպմին քաղաքին մէջ սկսած են պատրաստելու «Հիւսիսային հոսք 2» խողովակաշարը ափ դուրս բերելու համար նախատեսուած շինարարական հարթակը: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ին յայտնած է «Նորթ Սթրիմ 2» կազի խողովակաշարը բանեցնող ընկերութեան ներկայացուցիչը:
Ըստ անոր, հոլովոյթը կը նախատեսէ «վարչական կառոյցներու շինարարութեան աւարտը, ինչպէս նաեւ նախապատրաստումը ափ դուրս գալու տարածքին մէջ տեղադրման աշխատանքներուն»:
Ընկերութեան ներկայացուցիչին համաձայն, բոլոր շինարարական աշխատանքները կը կատարուին արտօնութեան համաձայն:
«Հիւսիսային հոսք 2» նախագիծը կ՛ենթադրէ տարեկան 55 միլիառ խորանարդ մեթր կազ հզօրութեամբ երկու գիծի կառուցում: Խողովակները պիտի սկսին Ռուսիոյ ափերէն եւ Պալթեան ծովուն ճամբով պիտի հասնին մինչեւ Գերմանիա` գործող «Հիւսիսային հոսք»-ի դրացնութեամբ:
Պերլին «Հիւսիսային հոսք 2»-ի շինարարութեան համար արտօնութիւն տուած է մարտի վերջաւորութեան:



