Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Պատժամիջոցներ Հաստատած Են Ազրպէյճանցի Սէյիտովի Եւ Փտածութեան Համար Կասկածուող Յաւելեալ Երեք Պատուիրակի Դէմ

May 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մնայուն յանձնախումբը պատժամիջոցներ հաստատած է ԵԽԽՎ-ի նախկին նախագահ Փետրօ Ակրամունթի եւ երեսփոխան Ժորտի Շուքլայի դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը:

Այդ մասին Դիմատետրի վրայ յայտնած է ԵԽԽՎ-ի փոխնախագահ, ուքրանական պատուիրակութեան անդամ, Ուքրանիոյ նախագահի դաշինքի անդամ երեսփոխան Վլատիմիր Արեւ:

Ակրամունթ եւ Շուքլա ռուսական օդանաւով ուղղուած են Սուրիա` երկրի նախագահ Պաշշար Ասատի հետ հանդիպելու համար:

«Ակրամունթը եւ Ուքրանիոյ գծով նախկին համազեկուցող Շուքլան Ազրպէյճանի հետ կապուած փտածութեան գայթակղութենէն ետք մեղաւոր ճանչցուած են վարքագիծի կանոններու լուրջ խախտումի համար: Անոնք երկուքն ալ զրկուած են ԵԽԽՎ-ի անդամներու համար գործող կանոններով նախատեսուած իրաւունքներէն` բացի քուէի եւ բանաձեւեր նախաձեռնելու իրաւունքէն:

Ակրամունթի դէմ պատժամիջոցներ սահմանուած են 10 տարիով, իսկ Շուքլայի դէմ` 2 տարիով», գրած է ան:

Արեւ «Եւրափէյսքայա Փրաւտա»-ին տուած մեկնաբանութեան մէջ յայտնած է, որ յանձնախումբը համաձայնած է երեսփոխանները պատժելու անհրաժեշտութեան շուրջ, հակառակ անոր որ իրաւաբանօրէն անոնց մեղքը տակաւին չէ ապացուցուած: Որոշումը հիմնուած է ԵԽԽՎ-ի մէջ համակարգային փտածութեան մասին արտաքին քննչական խումբի զեկուցումին վրայ:

Ակրամունթէն եւ Շուքլայէն բացի, ուքրանացի երեսփոխանին համաձայն, պատժամիջոցներու տակ յայտնուած են նաեւ պատուիրակներ Չեզարէ Ֆլորին Փերտան եւ ազրպէյճանցի Սամետ Սէյիտով: Անոնց դէմ սահմանափակող միջոցներ սահմանուած են երկու տարիով:

 

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէան Կը Սպառնայ Ջնջել Թրամփ-Ըն Հանդիպումը

Յաջորդը

Թուրքիա-Իսրայէլ Դիւանագիտական Պատերազմը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.