Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան Տուն Կանչած Է Թել Աւիւի Եւ Ուաշինկթընի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանները

May 16, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ահաբեկչական պետութիւն կոչած է Իսրայէլը` քննադատելով Կազայի մէջ Իսրայէլի ձեռնարկած գործողութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը:

«Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է, եւ անոնք ատիկա կ՛ապացուցեն իրենց կատարած քայլերով», ըսած է Էրտողան:

Թուրքիոյ նախագահը նաեւ տեղեկացուցած է, որ Անգարան տուն կը կանչէ Թել Աւիւի եւ Ուաշինկթընի մէջ իր դեսպանները` ստեղծուած իրավիճակին շուրջ խորհրդակցութեան համար:

Էրտողան նաեւ նշած է, որ Իսրայէլ 1948-էն մինչեւ այսօր «կը բռնագրաւէ Պաղեստինի տարածքները»` աւելցնելով, որ Անգարա բոլոր ողջմիտ քրիստոնեաներէն ու հրեաներէն կ՛ակնկալէ այդ քայլերուն դատապարտումը:

«Ես այս հարցով հանդիպումներ ու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ պիտի ունենամ բազմաթիւ անձերու հետ, ներառեալ Պաղեստինի նախագահ յարգելի Մահմուտ Ապպասը եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը: Մենք վճռականօրէն պիտի շարունակենք ըլլալ մեր եղբայր պաղեստինցի ժողովուրդի կողքին: Մենք` իբրեւ իսլամական աշխարհ, երբեք պիտի չարտօնենք, որ այս օրը դառնայ մեզի համար Երուսաղէմը կորսնցնելու օր», ըսած է ան:

Թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ մէջ բազմահազարանոց քայլարշաւ մը տեղի ունեցած է ի պաշտպանութիւն Պաղեստինի ժողովուրդին:

Ցուցարարները իրենց բողոքը արտայայտած են Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու եւ Կազայի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւններուն դէմ:

Թուրք ցուցարարները բացագանչած են «Անիծուի՛ Իսրայէլը, անիծուի՛ Ամերիկան», «Ողջո՛յն Համասին, պայքա՛ր մինչեւ վերջ» եւ այլ հակաիսրայէլեան ու հակաամերիկեան կոչեր: Թրքական ոստիկանութիւնը չէ միջամտած հաւաքին: Հազարաւոր ցուցարարներ քալած են Պոլսոյ կեդրոնի Իսթիքլալ պողոտայէն` իջնելով Թաքսիմ հրապարակ: Քայլարշաւին մասնակցած են նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամ շարք մը երեսփոխաններ:

Թուրքիոյ մէջ, ինչպէս Պաղեստինի մէջ յայտարարուած է եռօրեայ սուգ:

Յիշեցնենք, որ մէկ օր առաջ տեղի ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխումը, ինչ որ Կազայի մէջ լուրջ բախումներու պատճառ դարձած էր:

Պաղեստինցի ցուցարարներուն եւ իսրայէլեան բանակին միջեւ բախումներու պատճառով զոհուած են 59 պաղեստինցիներ եւ վիրաւորուած 3000 ուրիշներ:

Ամերիկեան դեսպանատան Երուսաղէմ տեղափոխումը բացասական գնահատած եւ իրենց մտահոգութիւնը արտայայտած են շարք մը մեծ պետութիւններ:

Նախորդը

Հիւսիսային Քորէան Սկսած Է Փհունկերիի Հիւլէական Զինափորձարանի Կազմաքանդումը

Յաջորդը

Պէյրութի Մէջ. Փինոթթի Կը Վերահաստատէ Լիբանանեան Բանակին Հանդէպ Իտալիոյ Զօրակցութիւնը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.