Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Իրանի Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Համաձայնագիրը Լրացումներու Կարիք Չունի» Կ՛ըսէ Մոկերինի

Մայիս 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի հետ անոր հիւլէական ծրագիրին շուրջ կնքուած պատմական համաձայնագիրը կը գործէ եւ լրացումներու կամ փոփոխութիւններու կարիք չունի: Այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան դիւանագիտութեան ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինի:

«Մենք կ՛աշխատինք յստակ եւ գործնական լուծումներու վրայ: Համաձայնագիրը բաւական բարդ է եւ մանրամասնուած, ուստի` փոփոխութեան կամ լրացման կարիք չունի: Այնտեղ արդէն ամէն ինչ գրուած է», ըսած է Մոկերինի:

Եւրոպական Միութեան բարձրագոյն դիւանագէտը եզրափակած է նշելով, որ իրենք չեն քննարկեր համաձայնագիրին շուրջ որեւէ լրացում կատարելու հարցը:

Յիշեցնենք, որ 8 մայիսին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է երկրի` 2015-ին Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ կնքուած համաձայնագիրէն դուրս գալու մասին:

Ան Թեհրանը մեղադրած է համաձայնագիրին մէջ գոյութիւն ունեցող սողանցքներէն օգտուելու եւ հիւլէական ու հրթիռային ծրագիրները գաղտնաբար զարգացնելու համար:

Բացի ատկէ, Թրամփ հրամայած է անյապաղ աշխատանքներու սկսիլ Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնման ուղղութեամբ:

Յայտնի է, որ Վեցեակի անդամ մնացեալ երկիրները քննադատած են Թրամփի քայլը` մատնանշելով անոր վտանգաւոր հետեւանքները: Մինչդեռ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին յայտարարած է, որ Թեհրան, ի տարբերութիւն Միացեալ Նահանգներու, միշտ ալ կատարած է իր պարտաւորութիւնները: Ան աւելցուցած է, որ Իրան պատրաստ է պատասխան տալու Միացեալ Նահանգներու որեւէ որոշումին:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ       Ճաւատ Զարիֆ, ամփոփելով 15 մայիսին Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն արդիւնքները, յայտարարած է, որ Իրանի եւ Եւրոպական եռեակի` Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները քաղաքական համաձայնութիւն գոյացուցած են հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրը պահպանելու շուրջ:

«Մենք սկսանք հոլովոյթը: Մենք քաղաքական համաձայնութեան հասանք Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրի պահպանման ուղղուած հետագայ քայլերուն շուրջ: Շատ բան կախեալ պիտի ըլլայ այն բանէն, թէ ի՛նչ պիտի կատարուի յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին: Մենք պէտք է անհրաժեշտ երաշխիքներ ստանանք, եւ ատկէ կախեալ պիտի ըլլայ, թէ որքա՛ն արագ մենք պիտի կարենանք յառաջ ընթանալ», ըսած է ան:

Իրանեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ գոհունակութիւն յայտնած է եւրոպացի գործընկերներու հետ հանդիպումի կառուցողական բնոյթին վերաբերեալ:

Անոր կարծիքով` հիւլէական ծրագիրի գործարքին պահպանման ուղղուած որոշակի քայլերու շուրջ համաձայնութիւն կրնայ ձեռք բերուիլ «յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին»:

 

Նախորդը

Պաղեստին Տուն Կանչած Է Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իր Դեսպանը

Յաջորդը

Կուաթեմալա Իր Դեսպանատունը Թել Աւիւէն Տեղափոխած Է Երուսաղէմ

RelatedPosts

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու.  Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ  Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին  Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Մայիս 10, 2025
Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ  Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու  Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնութեան Յանգեցնէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?