Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Հրապարակուած Է Նախագահական Թեկնածուներու Վերջնական Ցուցակը

Մայիս 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ ընտրական բարձրագոյն յանձնախումբը հրապարակած է 24 յունիսին տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութեան արձանագրուած թեկնածուներու վերջնական ցուցակը: «Արմէնփրես», վկայակոչելով թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնին համար պիտի մրցին վեց թեկնածուներ:

Թեկնածուներն են` գործող նախագահ, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան թեկնածու Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, Լաւ կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշեներ, քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան թեկնածու Մուհարրեմ Ինճէ, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ Սելահաթթին Տեմիրթաշ, Հայրենիք կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեք եւ Երջանկութիւն կուսակցութեան ղեկավար Թեմել Քարամոլլաօղլու:

Նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան նոյն օրը` 24 յունիսին: Այս ընտրութիւններով երկրին մէջ անցում պիտի կատարուի կառավարման խորհրդարանական համակարգէն նախագահական համակարգին:

Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը յայտարարած է, որ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին պիտի սատարէ Էրտողանի թեկնածութեան:

Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ միայն վերջերս` հոկտեմբեր 2017-ին յայտնուած Լաւ կուսակցութիւնը կը խոստանայ անակնկալներ մատուցել յառաջիկայ ընտրութիւններուն ընթացքին: Ներկայիս Էրտողանի ղեկավարած քաղաքական ուժին հետ համագործակցող Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նախկին անդամ, նախապէս երկրի ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը վարած Մերալ Աքշեներ կ՛ակնկալէ, որ նախագահական ընտրութեան մէջ պիտի ըլլայ Էրտողանի հիմնական մրցակիցը: Ան պիտի ըլլայ առաջին կին թեկնածուն, որ պիտի մրցի անոր դէմ: Էրտողանի դէմ լուրջ մրցակցութիւն ցոյց տալու կարելիութեան մասին կը վկայեն մինչեւ հիմա կատարուած հարցախոյզներուն արդիւնքները:

Քեմալական կուսակցութեան թեկնածու Մուհարրեմ Ինճէ նախապէս յայտարարած էր, որ եթէ նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլ ըլլայ եւ ինք անցած չըլլայ, ապա պիտի աջակցի ընդդիմադիր թեկնածուին:

«Երկիր Մետիա» կը նշէ նաեւ, որ քրտամէտ կուսակցութեան թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշ նոյեմբեր 2016-էն ի վեր կը գտնուի Էտիրնէի բանտին մէջ: Ան կը մեղադրուի «ահաբեկչական խմբաւորում ստեղծելու եւ ղեկավարելու, յանցաւոր խումբի քարոզչութիւն կատարելու, յանցանքն ու յանցագործը գովաբանելու» մէջ: Անոր դէմ յարուցուած քանի մը դատական գործերով գործիչը կրնայ մինչեւ 142 տարի բանտարկուիլ: Ան Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին քաղաքական գործիչն է, որ կալանաւորուած ըլլալով հանդերձ պաշտօնապէս արձանագրած է նախագահի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը:

Տողու Փերինչեքի եւ Թեմել Քարամոլլաօղլուի` նախագահական ընտրութեան յաղթելու առիթները գրեթէ զերօ են:

Նախորդը

ԱՌԻ-ի Հրաւէրով` Արցախեան Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ

Յաջորդը

Մէյի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. «Պատմութիւնը Պիտի Չներէ Իսրայէլին» Կ՛ըսէ Էրտողան

RelatedPosts

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու.  Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ  Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին  Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարներու. Հաւանականութիւնը Շատ Մեծ Է, Որ Թրամփ Այս Շաբաթավերջին Կազայի Խնդիրին Համապարփակ Լուծում Մը Յայտարարէ

Մայիս 10, 2025
Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ  Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու  Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան  Համաձայնութեան Յանգեցնէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կոչ Կ՛ուղղէ Հաստատելու Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Առանց Նախապայմաններու Զինադադար Մը, Որ Պէտք Է Խաղաղութեան Համաձայնութեան Յանգեցնէ

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?