Էրտողան Իսրայէլին Սպառնացած Է Տնտեսական Պատժամիջոցներով
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յոյս ունի, որ Իսլամական համագործակցութիւն կազմակերպութեան երկիրները պոյքոթի պիտի ենթարկեն իսրայէլեան ապրանքները: Էրտողան յոյս յայտնեց նաեւ, որ 24 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Թուրքիա եւս այդպէս պիտի վարուի: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրես»-ի, կը յայտնէ թրքական «Հապերթուրք»-ը: «Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան ծիրին մէջ մենք որոշում տուինք կոչ ուղղելու կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն պոյքոթի ենթարկելու...




















