Արաբական լիկան երէկ մնայուն ներկայացուցիչներու մակարդակով ժողով մը գումարեց` առ ի պատրաստութիւն այսօր Գահիրէի մէջ Երուսաղէմի հարցով արաբ արտաքին գործոց նախարարներու «պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իսրայէլեան յարձակումին ու Միացեալ Նահանգներու` իրենց դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու ապօրէն որոշումին դէմ» արտակարգ նիստին:
Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարի օգնական Հուսամ Զեքի յայտնեց. «Որոշուեցաւ հինգշաբթի օր Սէուտական Արաբիոյ դիմումին հիմամբ գումարել Արաբական լիկայի` արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով ժողով մը»:



