Միջազգային

Միացեալ Նահանգներ Քաշուեցան  ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդէն

Միացեալ Նահանգներ Քաշուեցան ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդէն

ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Նիքի Հէյլի յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը քաշուի ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն` պաղեստինցիները պաշտպանելուն պատճառով: Միացեալ Նահանգներու այս որոշումը տրուեցաւ այն բանէն ետք, երբ նախագահ Տոնալտ Թրամփի վարչակազմը խորհուրդը ամբաստանեց Իսրայէլի նկատմամբ թշնամական եւ կողմնակալ վերաբերում ցուցաբերելու յանցանքով:

Այնթապի Մէջ Թուրքերու Եւ Սուրիացի Գաղթականներու Միջեւ Հրացանաձգութիւն

Այնթապի Մէջ Թուրքերու Եւ Սուրիացի Գաղթականներու Միջեւ Հրացանաձգութիւն

Այնթապ քաղաքին մէջ տեղւոյն թուրք բնակիչներուն եւ սուրիացի գաղթականներու միջեւ ծագած վէճի մը պատճառով սպաննուած է երեք անձ եւ ուրիշ հինգ անձեր տարբեր աստիճանի վէրքեր ստացած են: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: Այնթապի բնակիչ 46-ամեայ Մուսթաֆա Օքքան ուշ երեկոյեան նստած եղած է քաղաքի Կիւմիւշթեքին թաղամասի սրճարաններէն մէկուն մէջ: Ան վէճի բռնուած է նոյն փողոցին մէջ խանութ բացած սուրիացի...

Թուրքիոյ Խորհրդարանը  Մերժած Է Ասորիներու  Համար Մայրենի Լեզուով  Կրթութեան Մասին Առաջարկը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Մերժած Է Ասորիներու Համար Մայրենի Լեզուով Կրթութեան Մասին Առաջարկը

Թուրքիոյ խորհրդարանը մերժած է ասորերէնը դասաւանդման համար նախատեսուած լեզուներու ցանկին վրայ ներառելու առաջարկը, որ ուղղուած էր երկրին մէջ ասորի համայնքին համար մայրենի լեզուով ուսումնական ծրագիր կազմելուն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արթիկերեճեք» կայքը: Առաջարկը խորհրդարանին յղած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Պաթմանէն ընտրուած երեսփոխան Մեհմետ Ալի Ասլանը: Երեսփոխանը իր պահանջը յղած է ասորերէնով, որ կը հանդիսանայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատմութեան...

Ուաշինկթըն Եւ Սէուլ Ջնջած Են Փիոնկիանկը  «Ջղայնացնող» Ռազմափորձերը

Ուաշինկթըն Եւ Սէուլ Ջնջած Են Փիոնկիանկը «Ջղայնացնող» Ռազմափորձերը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ, պահելով նախապէս տուած խոստումը, ջնջած է Հարաւային Քորէայի հետ օգոստոսին նախանշուած միացեալ ռազմափորձերը: Այս մասին կը գրէ «Ռաշա Թուտէյ»-ը` յիշեցնելով, որ Թրամփը այս խոստումը տուած էր Հիւսիսային Քորէայի ղեկավար Քիմ Եոնկ Ընի հետ հանդիպումէն ետք: Հարաւային Քորէայի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատած է ռազմափորձերու ջնջումը: Միեւնոյն ժամանակ, նախարարութենէն յայտնած են, որ աշնան եւ եկող տարուան գարնան նախանշուած...

Քրիստոնեայ Ընկերային Միութիւնը  Գաղթականներու Հարցով Վերջնագիր  Ներկայացուցած Է Մերքելին

Քրիստոնեայ Ընկերային Միութիւնը Գաղթականներու Հարցով Վերջնագիր Ներկայացուցած Է Մերքելին

Քրիստոնեայ ընկերային միութիւն կուսակցութեան նախագահութիւնը որոշում տուած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին երկու շաբթուան ժամանակ տալ գաղթականներու վերաբերեալ համաեւրոպական որոշում գտնելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով գերմանական լրատուամիջոցները: Նիստի մասնակիցներուն համաձայն, նախագահութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուած է կուսակցութեան ղեկավար եւ Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Հորսթ Զեհոֆըրի համապատասխան առաջարկին: Կը հաղորդուի, որ եթէ որոշում չգտնուի, ապա երկու...

Էրտողան Կոչ Ուղղած Է Ընտրութիւններուն  Քուէարկելու Իրեն` Արեւմուտքին «Դաս Տալու» Համար

Էրտողան Կոչ Ուղղած Է Ընտրութիւններուն Քուէարկելու Իրեն` Արեւմուտքին «Դաս Տալու» Համար

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ժողովուրդին կոչ ուղղած է «դաս տալու» Արեւմուտքին` 24 յունիսին տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններուն ընթացքին աջակցելով իշխանութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը: «Արեւմուտքը անհամբեր կը սպասէ 24 յունիսի ընտրութեան: Անոնք ի՞նչ կ՛ուզեն տեսնել: Էրտողանի պարտութիւնը: Դուք պատրա՞ստ էք անոնց դաս տալու: Ես կը հաւատամ, որ դուք անոնց դաս պիտի տաք», ըսած...

Թրամփ Փենթակոնին  Յանձնարարած Է Սկսիլ  Ամերիկեան Ռազմատիեզերական  Ուժերու Ձեւաւորման

Թրամփ Փենթակոնին Յանձնարարած Է Սկսիլ Ամերիկեան Ռազմատիեզերական Ուժերու Ձեւաւորման

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան յանձնարարած է անմիջապէս սկսիլ Միացեալ Նահանգներու ռազմատիեզերական ուժերու ձեւաւորման: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Եթէ խօսքը Ամերիկայի պաշտպանութեան մասին է, Միացեալ Նահանգներու` տիեզերքի մէջ ներկայութիւնը բաւարար չէ: Մեզի անհրաժեշտ է ամերիկեան գերազանցութիւն ունենալ տիեզերքի մէջ», ըսած է Թրամփ` Ուաշինկթընի մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ: Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգներու ռազմատիեզերական...

Միջազգային Դաշինքի Օդանաւեր Հարուածեցին  Տէր Զօրի Գիւղական Շրջանին Մէջ Գտնուող  Սուրիական Բանակին Մէկ Դիրքը

Միջազգային Դաշինքի Օդանաւեր Հարուածեցին Տէր Զօրի Գիւղական Շրջանին Մէջ Գտնուող Սուրիական Բանակին Մէկ Դիրքը

Ամերիկեան ղեկավարութեամբ Միջազգային դաշինքէն օդանաւեր յարձակում մը գործեցին Տէր Զօրի հարաւարեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող սուրիական բանակի մէկ դիրքին դէմ: Ըստ «Մայատին»-ի, սուրիական զինուորական աղբիւր մը յայտնած է, որ Միջազգային դաշինքը յարձակում գործած է Պուքամալի հարաւ-արեւելքը գտնուող Հարի գիւղին մէջ գտնուող սուրիական բանակի դիրքերուն դէմ: Քանի մը օր առաջ, սուրիական բանակը շրջանին մէջ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրած էր քանի մը գիւղեր: Ամերիկեան...

Մընպեժի Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան  Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Սկսաւ

Մընպեժի Շուրջ Թուրք-Ամերիկեան Համաձայնութեան Գործադրութիւնը Սկսաւ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սկսած են հեռանալ Մընպեժէն` նշելով, որ իրենք ատիկա իրագործած են դիւանագիտութեան ճամբով: «Մեր զինուորները սկսած են քաղաքին ծայրամասերուն մէջ շրջիլ: Շրջանը հանգրուանային ձեւով ամբողջովին պիտի մաքրենք ահաբեկիչներէ», ըսաւ ան: Թուրքիոյ նախագահութեան բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց, որ թրքական բանակը այդ գործողութիւնը կը կատարէ` «երաշխաւորելու համար Թուրքիոյ անվտանգութիւնն ու...

Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Կը Նախապատրաստէ Ամերիկացի  Ծերակուտականներուն Այցելութիւնը Ռուսիա

Ռուսիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Կը Նախապատրաստէ Ամերիկացի Ծերակուտականներուն Այցելութիւնը Ռուսիա

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հանցմըն աշխատանք կը տանի ամերիկացի հանրապետական ծերակուտականներու` Մոսկուա կատարելիք այցելութեան ուղղութեամբ: Ռուսական «Քոմմերսանթ»-ը, վկայակոչելով ամերիկեան աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ դեսպան Հանցմըն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին մէջ այն քիչերէն է, որոնք կ՛աջակցին Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի գործակցութեան գաղափարին: Այցելութեամբ Մոսկուա կը պատրաստուին հասնելու ծերակուտականներ Ռիչըրտ Շըպլի, Ճոն Նիլի Քենետի եւ Ճոն Հուվեն: Ծերակուտական Հուվենի...

Չաւուշօղլու. «Մեր Երկիրը Ինքզինք  Պաշտպանելու Համար Կ՛օգտագործէ  Դիւանագիտութիւնն Ու Զինուորական Ուժը»

Չաւուշօղլու. «Մեր Երկիրը Ինքզինք Պաշտպանելու Համար Կ՛օգտագործէ Դիւանագիտութիւնն Ու Զինուորական Ուժը»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Թուրքիա ինքզինք պաշտպանելու համար կ՛օգտագործէ դիւանագիտութիւնն ու զինուորական ուժը»: Չաւուշօղլու նշեց, որ «թուրք ժողովուրդի զարթօնքը մտահոգեց հոգիները անոնց, որոնք այս ժողովուրդի զարթօնքը չեն ուզեր»` աւելցնելով. «Չարիքի բոլոր տեսակի դաշինքները սկսան միախմբուիլ Թուրքիոյ զարթօնքը դադրեցնելու համար: Յառաջիկայ փուլը դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ չարիքի դաշինքները տակաւին կ՛աշխատին Թուրքիոյ յառաջդիմութիւնը արգելակելու համար»: Ան յայտնեց, որ անցնող...

«Եթէ Պէտք Ըլլայ, Դարձեալ Արտակարգ  Դրութիւն Կը Հաստատենք»  Կ՛ըսէ Էրտողան

«Եթէ Պէտք Ըլլայ, Դարձեալ Արտակարգ Դրութիւն Կը Հաստատենք» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ նախապէս խոստացած էր, որ արտակարգ ընտրութիւններէն ետք երկրին մէջ գործող արտակարգ դրութիւնը պիտի վերցուի, այժմ յայտարարած է, թէ այդ դրութիւնը կրնայ վերահաստատուիլ` «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու համար»: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թի.24» կայքը: Էրտողան նաեւ հաւաստած է, որ արտակարգ դրութիւնը որեւէ ձեւով պիտի չազդէ ժողովուրդի կենսակերպին եւ պետական հիմնարկներու աշխատանքին վրայ:...

Գերմանիոյ Ներքին Գործոց  Նախարարը` Մերքելի Մասին.  «Այլեւս Չեմ Կրնար Աշխատիլ  Այդ Կնոջ Հետ»

Գերմանիոյ Ներքին Գործոց Նախարարը` Մերքելի Մասին. «Այլեւս Չեմ Կրնար Աշխատիլ Այդ Կնոջ Հետ»

Գերմանիոյ ներքին գործոց նախարար Հորսթ Զեհոֆըր, ակնարկելով Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելին, յայտարարած է. «Այլեւս չեմ կրնար աշխատիլ այդ կնոջ հետ»` աւելցնելով, որ պատրաստ է վերջնագիր ներկայացնելու ներգաղթի հարցին վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա»-ն: Գերմանիոյ կառավարութեան մէջ տագնապը կը սպառնայ կառավարական համախմբումի փլուզման: Մերքել առանց այդ ալ ստիպուած եղած է լուրջ զիջումներ կատարել կառավարութիւնը ձեւաւորելու համար: Նոր ճգնաժամը կրնայ յանգեցնել...

Մաքրոն Հանդիպում Պիտի Ունենայ  Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Մաքրոն Հանդիպում Պիտի Ունենայ Ֆրանչիսկոս Պապին Հետ

Ֆրանչիսկոս պապը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը պիտի ընդունի 26 յունիսին` անոր Վատիկան տալիք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ 18 յունիսին այդ մասին հաղորդած է Էլիզէի պալատը: «Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը 26 յունիս 2018-ին պիտի այցելէ Սուրբ աթոռ», կը նշուի Ֆրանսայի հանրապետութեան ղեկավարի աշխատակազմի հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Այդ այցելութեան ընթացքին նախագահը պիտի ընդունուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ,...

Թուրքիան Յայտնուած Է Ամէնէն Շատ Արտաքին  Պարտք Ունեցող Երկիրներու Ցուցակին Վրայ

Թուրքիան Յայտնուած Է Ամէնէն Շատ Արտաքին Պարտք Ունեցող Երկիրներու Ցուցակին Վրայ

Թուրքիոյ տնտեսական հարցերով փոխվարչապետ Մեհմետ Շիմշեք յայտարարած է, թէ երկրին արտաքին պարտքը 453 միլիառ տոլար է: Ըստ «Տի.Էյչ.Էյ.»-ի, 2015 թուականին Թուրքիոյ արտաքին պարտքը կազմած է 405 միլիառ տոլար, մինչդեռ 2017-ի վերջաւորութեան պարտքը հասած է 453 միլիառ տոլարի: Ամէնէն շատ արտաքին պարտք ունեցող երկիրներու ցուցակին վրայ Թուրքիան գրաւած է 26-րդ դիրքը:

Նեթանիահու Իրանէն Դարձեալ Կը Պահանջէ  Հեռանալ Սուրիական Բոլոր Հողերէն

Նեթանիահու Իրանէն Դարձեալ Կը Պահանջէ Հեռանալ Սուրիական Բոլոր Հողերէն

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իրանէն դարձեալ պահանջեց հեռանալ սուրիական բոլոր հողերէն` նշելով, որ Իսրայէլ իր սահմաններուն մօտ իրանեան զինուորական տեղակայման որեւէ փորձ պիտի արգիլէ: Իսրայէլեան կառավարութեան նիստին ընթացքին Նեթանիահու ըսաւ. «Շաբթուան վերջաւորութեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ խօսեցայ շրջանային հարցերու մասին, եւ քննարկումը կեդրոնացաւ Սուրիոյ շուրջ: Անգամ մը եւս յստակ դարձուցի Սուրիոյ...

«Ամերիկային Պիտի Չարտօնենք Իրանը  Հարուածելու Համար  Օգտագործել «Ինճիրլիք»-ը»   Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

«Ամերիկային Պիտի Չարտօնենք Իրանը Հարուածելու Համար Օգտագործել «Ինճիրլիք»-ը» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ

Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Անգարա Միացեալ Նահանգներուն պիտի չարտօնէ Իրանի դէմ յարձակումներ շղթայազերծելու համար օգտագործել օդուժի «Ինճիրլիք» ռազմակայանը: Եըլտըրըմ «ՊԱՊԱԼԱ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Անգարայի կեցուածքը, եթէ Ուաշինկթըն ուզէ «Ինճիրլիք»-ը օգտագործել Իրանը հարուածելու համար, ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կ՛արտօնէ այդ ռազմակայանը օգտագործել միայն...

Աթէնքի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Բախումներ.  Աթէնք Եւ Սքոփիէ Ստորագրեցին Մակեդոնիոյ  Նոր Անուան Մասին Համաձայնագիրը

Աթէնքի Մէջ Բողոքի Ցոյցեր Եւ Բախումներ. Աթէնք Եւ Սքոփիէ Ստորագրեցին Մակեդոնիոյ Նոր Անուան Մասին Համաձայնագիրը

Յունաստանի եւ Մակեդոնիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Նիքոս Քոցիաս եւ Նիքոլա Տիմիթրով երէկ ստորագրեցին Մակեդոնիոյ նոր պաշտօնական անունին շուրջ երկու երկիրներուն միջեւ գոյացած համաձայնագիրը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու սահմանին վրայ գտնուող Փրեսփա լիճին մօտ, երկու պետութիւններու վարչապետներուն, Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի, ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչ Մեթիու Նիմցայի եւ այլ...

«Թուրքիոյ Նախագահը Ստիպուած Է  Յարգել Մեր Օրէնքները»  Կ՛ըսէ Քուրց

«Թուրքիոյ Նախագահը Ստիպուած Է Յարգել Մեր Օրէնքները» Կ՛ըսէ Քուրց

Աւստրիոյ վարչապետ Սեպասթիան Քուրց, մեկնաբանելով երկրին մէջ շարք մը մզկիթներու փակման եւ բազմաթիւ թուրք կրօնաւորներու Աւստրիայէն արտաքսման որոշումէն ետք Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հնչեցուցած սպառնալիքները, յայտնած է, որ ատոնք զինք չեն մտահոգեր, եւ Թուրքիոյ ղեկավարը պարտաւոր է յարգել Աւստրիոյ օրէնքները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Արթիկերեճեք» կայքը: «Ատիկա յիմարութիւն է, մենք կ՛ակնկալենք, որ Աւստրիա ապրող իւրաքանչիւր մարդ յարգէ այս...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Դատապարտեց  Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Բռնարարքները

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովը Դատապարտեց Կազայի Մէջ Իսրայէլեան Բռնարարքները

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց թրքական-ալճերիական-պաղեստինեան բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու եւ Կազայի շրջափակումը վերցնելու, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ Իսրայէլը պաղեստինցի քաղաքայիններու դէմ անհամաչափ ուժ կիրարկելուն համար: Ընդհանուր ժողովի 120 թեր քուէներով որդեգրուած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ` պաղեստինցի ժողովուրդը իսրայէլեան յարձակումէ պաշտպանելու, որդեգրելով այդ առնչութեամբ մեքանիզմ մը, որ յառաջիկայ 60 օրուան ընթացքին պիտի առաջարկուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ: Բանաձեւին...

Page 606 of 883 1 … 605 606 607 … 883

Արխիւներ