Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իրանէն դարձեալ պահանջեց հեռանալ սուրիական բոլոր հողերէն` նշելով, որ Իսրայէլ իր սահմաններուն մօտ իրանեան զինուորական տեղակայման որեւէ փորձ պիտի արգիլէ:
Իսրայէլեան կառավարութեան նիստին ընթացքին Նեթանիահու ըսաւ. «Շաբթուան վերջաւորութեան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ խօսեցայ շրջանային հարցերու մասին, եւ քննարկումը կեդրոնացաւ Սուրիոյ շուրջ: Անգամ մը եւս յստակ դարձուցի Սուրիոյ մէջ կացութեան նկատմամբ մեր հիմնական սկզբունքները. առաջին` Իրան պէտք է հեռանայ սուրիական բոլոր հողերէն, երկրորդ` պիտի գործենք ու ներկայիս կը գործենք իսրայէլեան սահմանին մօտ եւ սուրիական խորքին մէջ զինուորական գետնի վրայ տեղաւորուելու այն փորձերուն դէմ, որոնք կը կատարուին Իրանի եւ անոր գործակատարներուն կողմէ»:
«Սուրիոյ բոլոր հողերուն մէջ պիտի պայքարինք այդ տեղակայման դէմ», աւելցուց Իսրայէլի վարչապետը:



