Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց. «Թուրքիա ինքզինք պաշտպանելու համար կ՛օգտագործէ դիւանագիտութիւնն ու զինուորական ուժը»:
Չաւուշօղլու նշեց, որ «թուրք ժողովուրդի զարթօնքը մտահոգեց հոգիները անոնց, որոնք այս ժողովուրդի զարթօնքը չեն ուզեր»` աւելցնելով. «Չարիքի բոլոր տեսակի դաշինքները սկսան միախմբուիլ Թուրքիոյ զարթօնքը դադրեցնելու համար: Յառաջիկայ փուլը դիւրին պիտի չըլլայ, որովհետեւ չարիքի դաշինքները տակաւին կ՛աշխատին Թուրքիոյ յառաջդիմութիւնը արգելակելու համար»:
Ան յայտնեց, որ անցնող 16 տարիներու երթը դիւրին չէ եղած, որովհետեւ «մեզ փորձեցին բազմաթիւ տագնապներու մատնել, սակայն շնորհիւ Աստուծոյ եւ ժողովուրդի վճռակամութեան, յաղթեցինք այդ բոլոր փորձերուն»:
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնեց. «Թուրքիոյ դէմ կը հիւսուի յստակ դաւ մը` անոր սահմաններուն վրայ հիմնելով ահաբեկչական պետութիւն մը»:
«Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան այդ ծրագիրին գործադրութեան մեծագոյն արգելքն է», ըսաւ Եըլտըրըմ:



