Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ Անգարա Միացեալ Նահանգներուն պիտի չարտօնէ Իրանի դէմ յարձակումներ շղթայազերծելու համար օգտագործել օդուժի «Ինճիրլիք» ռազմակայանը:
Եըլտըրըմ «ՊԱՊԱԼԱ Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Անգարայի կեցուածքը, եթէ Ուաշինկթըն ուզէ «Ինճիրլիք»-ը օգտագործել Իրանը հարուածելու համար, ըսաւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութիւնը Միացեալ Նահանգներուն կ՛արտօնէ այդ ռազմակայանը օգտագործել միայն ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար:
«Ռազմակայանը Ամերիկայի կողմէ երբեք չի կրնար օգտագործուիլ երկիր մը հարուածելու համար», շեշտեց ան` յիշեցնելով, որ Անգարան 2003-ին մերժած էր Իրաքը հարուածելու համար «Ինճիրլիք» ռազմակայանը օգտագործելու Ուաշինկթընի դիմումը:
Եըլտըրըմ ըսաւ, թէ Իրան վեց դարէ ի վեր Թուրքիոյ դրացի երկիր է` նշելով, որ երբեք կարելի չէ պատկերացնել, որ Անգարա իր դրացիներուն դէմ պատերազմի մը աջակցութիւն տրամադրէ:



