Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հանցմըն աշխատանք կը տանի ամերիկացի հանրապետական ծերակուտականներու` Մոսկուա կատարելիք այցելութեան ուղղութեամբ:
Ռուսական «Քոմմերսանթ»-ը, վկայակոչելով ամերիկեան աղբիւրը, կը հաղորդէ, որ դեսպան Հանցմըն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին մէջ այն քիչերէն է, որոնք կ՛աջակցին Ուաշինկթընի եւ Մոսկուայի գործակցութեան գաղափարին: Այցելութեամբ Մոսկուա կը պատրաստուին հասնելու ծերակուտականներ Ռիչըրտ Շըպլի, Ճոն Նիլի Քենետի եւ Ճոն Հուվեն:
Ծերակուտական Հուվենի համաձայն, Հանցմըն կ՛ուզէ, որ ամերիկացի գործիչները այցելեն Մոսկուա` «հասկնալու համար այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ»: Ան մատնանշած է, որ ներկայիս կը մշակուին նախատեսուող հանդիպման մանրամասնութիւնները:
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի պատուիրակութիւններու Մոսկուա այցելութիւնները դադրեցուած էին 2016-ին` Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններէն ետք բացուած «ռուսական գործ»-ին պատճառով:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ օրեր առաջ յայտարարած էր, որ մօտիկ ապագային կրնայ տեղի ունենալ իր եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը: Այս յայտարարութենէն ետք, Սպիտակ տան աղբիւրը յայտնած էր, որ Թրամփի խորհրդականները ոգեւորուած չեն Փութինի հետ հանդիպելու անոր ցանկութեամբ եւ կ՛անտեսեն հանդիպումը կազմակերպելու հրահանգները:



