Ֆրանչիսկոս պապը Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը պիտի ընդունի 26 յունիսին` անոր Վատիկան տալիք պաշտօնական այցելութեան ընթացքին: «Արմէնփրես» կը նշէ, որ 18 յունիսին այդ մասին հաղորդած է Էլիզէի պալատը:
«Պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը 26 յունիս 2018-ին պիտի այցելէ Սուրբ աթոռ», կը նշուի Ֆրանսայի հանրապետութեան ղեկավարի աշխատակազմի հաղորդագրութեան մէջ` աւելցնելով. «Այդ այցելութեան ընթացքին նախագահը պիտի ընդունուի Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ, իսկ այնուհետեւ ան բանակցութիւններ պիտի վարէ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Փիեթրօ Փարոլինի հետ»:
Մաքրոնի նախապատրաստուող այցելութեան մասին մայիսի վերջաւորութեան յայտնած էր Վատիկանը:



