Միջազգային

Ըստ Մեւլութ Չաւուշօղլուի.  «Ժողովուրդի Դաշինքը» Պիտի Գոյատեւէ  Ընտրութիւններէն Ետք

Ըստ Մեւլութ Չաւուշօղլուի. «Ժողովուրդի Դաշինքը» Պիտի Գոյատեւէ Ընտրութիւններէն Ետք

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ «ժողովուրդի դաշինքը», որ կ՛ընդգրկէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնները, պիտի գոյատեւէ նախագահական եւ երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք: Ան նշեց, որ դաշինքը պիտի գոյատեւէ ժողովուրդին եւ պետութեան համար, եւ կոչ ուղղեց ամրապնդելու անոր ուժը:

Եւրոպական Միութիւնը Աւարտեց Յունաստանի  Ֆինանսական Օգնութեան Ծրագիրը

Եւրոպական Միութիւնը Աւարտեց Յունաստանի Ֆինանսական Օգնութեան Ծրագիրը

Եւրոպական գօտիի երկիրներու ելեւմուտքի նախարարութիւններու ղեկավարները համաձայնութիւն գոյացուցին Յունաստանին ֆինանսական օգնութեան տրամադրման ծրագիրի աւարտման պայմաններուն շուրջ: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես», յայտարարեց եւրոպական խումբի ղեկավար Մարիօ Սենթենօ: Լիւքսամպուրկի մէջ տեղի ունեցած նիստի արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան յայտնեց, որ հաստատուած է Յունաստանի կողմէ օգնութեան տրամադրման բոլոր պայմաններուն կատարումը, «ինչ որ կը վկայէ ֆինանսական օգնութեան ծրագիրի աւարտին մասին»: Եւրոպական...

Եւրոպական Միութիւնը  Կը Զգուշացնէ Մարդասիրական  Աղէտէ Մը` Տարաայի Շրջանին Մէջ

Եւրոպական Միութիւնը Կը Զգուշացնէ Մարդասիրական Աղէտէ Մը` Տարաայի Շրջանին Մէջ

Եւրոպական Միութիւնը դատապարտեց սուրիական վարչակարգի յարձակումը Տարաա շրջանին վրայ, որուն մեծ մասը կը գտնուի սուրիական ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումներու վերահսկողութեան տակ` կոչ ուղղելով Դամասկոսի դաշնակիցներուն դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները` խուսափելու մարդկային աղէտէ: Եւրոպական Միութիւնը հաղորդագրութեան մը մէջ յայտնեց, որ զինուորական ներկայ գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ ցած լարուածութեամբ շրջանի մը մէջ, որ երաշխաւոր կողմերը Ասթանայի մէջ խոստացան պաշտպանել: «Ասթանայի կողմերէն կը պահանջուի ապահովել դադրեցումը...

Յորդանանի Թագաւոր. «Պաղեստինեան Պետութիւնը`  Երուսաղէմ Մայրաքաղաքով,  Շրջանի Մէջ Խաղաղութեան Հիմքն Է»

Յորդանանի Թագաւոր. «Պաղեստինեան Պետութիւնը` Երուսաղէմ Մայրաքաղաքով, Շրջանի Մէջ Խաղաղութեան Հիմքն Է»

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ հանդիպումէն ետք շեշտը դրաւ պաղեստինեան դատի լուծման կարեւորութեան վրայ` գտնելու համապարփակ լուծում մը, որ հիմը կը դնէ պաղեստինեան անկախ պետութեան մը` մայրաքաղաք ունենալով Երուսաղէմը: Ան նաեւ ընդգծեց սուրիական տագնապին արագ լուծում գտնելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ Յորդանան եւ Գերմանիա անդամներ են սեղմ յանձնախումբի` գտնելու քաղաքական լուծում Սուրիոյ մէջ:

Հիւսիսային Քորէայի Եւ Չինաստանի Ղեկավարները  Համաձայնեցան Խթանելու «Ռազմավարական  Եւ Մարտավարական» Համագործակցութիւնը

Հիւսիսային Քորէայի Եւ Չինաստանի Ղեկավարները Համաձայնեցան Խթանելու «Ռազմավարական Եւ Մարտավարական» Համագործակցութիւնը

Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ըն եւ Չինաստանի նախագահ Հու Ճինթաու չորեքշաբթի օր քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ «ռազմավարական եւ մարտավարական» համագործակցութիւնը խթանելու միջոցները: Այս մասին հինգշաբթի օր հաղորդեց Հիւսիսային Քորէայի պետական լրատուամիջոցը: Ընի եւ Ճինթաուի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Հիւսիսային Քորէայի ղեկավարի Փեքին այցելութեան երկրորդ եւ վերջին օրուան ընթացքին: Ըն Չինաստանի նախագահին ներկայացուց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփին հետ անցեալ շաբաթ...

Անգարա.  Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները  Պիտի Սկսին Սուրիոյ Մընպեժէն Հեռանալ 4 Յուլիսին

Անգարա. Քրտական Ժողովուրդի Պաշտպանութեան Ջոկատները Պիտի Սկսին Սուրիոյ Մընպեժէն Հեռանալ 4 Յուլիսին

Քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները 4 յուլիսէն սկսեալ պիտի սկսին հեռանալ հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեժ շրջանէն: Այս մասին երէկ հաղորդեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Ան «Սի.Էն.Էն. Թուրք»-ին հաղորդեց, որ Մընպեժի համար լուծման քարտէսը, որուն շուրջ համաձայնութիւն գոյացուցած էին Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա, ամբողջովին կը գործադրուի: Նախապէս այս ամիս Անգարա եւ Ուաշինկթըն հաստատեցին հաւանական համաձայնութիւն մը, որով քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները...

Ամերիկացի Հիւլէական Մասնագէտներու  Պատասխանատուն Հեռացաւ Սպիտակ Տունէն

Ամերիկացի Հիւլէական Մասնագէտներու Պատասխանատուն Հեռացաւ Սպիտակ Տունէն

Ամերիկեան վարչակազմի 3 պատասխանատուներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Հիւսիսային Քորէայի հիւլէական զէնքի ծրագիրը դադրեցնելու բանակցութիւններուն մասնակից հիւլէական մասնագէտներու պատասխանատու Անտրէա Հոլ լքած է Սպիտակ տունը` հերթափոխութեան պատճառով: Պատասխանատուներէն մէկը յայտնեց, որ Ճիւլի Պենթց պիտի փոխարինէ Հոլը` իբրեւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի զանգուածային ոչնչացման զէնքերու կառավարման տնօրէն:

Լաւրով. «Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Մերձեցումը  Ամբողջ Աշխարհին Համար Լաւ Է»

Լաւրով. «Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Մերձեցումը Ամբողջ Աշխարհին Համար Լաւ Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը վստահեցուց, որ Մոսկուա վստահ է, որ միջազգային ընտանիքը պիտի օգտուի Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու` միջազգային հարցերը լուծելու համագործակցութենէն: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին բազմիցս կրկնած է, որ երբ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ սկսին համագործակցիլ լուծելու համար միջազգային խնդիրները, ապա...

Փեսքով. «Քրեմլին Կ՛ակնկալէ Պոլթընի  Այցելութիւնը Ռուսիա»

Փեսքով. «Քրեմլին Կ՛ակնկալէ Պոլթընի Այցելութիւնը Ռուսիա»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով երէկ լրագրողներուն յայտնեց, որ Քրեմլին կ՛ակնկալէ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճոն Պոլթընի այցելութիւնը Ռուսիա: «Որքան գիտենք, այսպիսի այցելութիւն մը տեղի պիտի ունենայ: Ասիկա միայն կրնանք ըսել հիմա», նշեց Փեսքով: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ նշեց, որ Մոսկուա պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ քննարկելու բոլոր հարցերը, բայց պիտի չարձագանգէ Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ հաւանական...

Իզորիա. «Միացեալ Նահանգներ «Սթինճըր»  Տեսակի Շարժական Զենիթահրթիռային Կայաններ  Պիտի Տրամադրեն Վրաստանին»

Իզորիա. «Միացեալ Նահանգներ «Սթինճըր» Տեսակի Շարժական Զենիթահրթիռային Կայաններ Պիտի Տրամադրեն Վրաստանին»

Միացեալ Նահանգներ Վրաստանին «Սթինճըր» տեսակի շարժական զենիթահրթիռային կայաններ պիտի տրամադրեն: Այդ մասին Վրաստանի խորհրդարանին մէջ նախանցեալ օր յայտարարեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Լեւան Իզորիան` նշելով, որ Փենթակոնի պաշտօնեաներուն հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է այս մասին Ուաշինկթըն կատարած իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին: «Մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը Վրաստանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները մարտավարական բնոյթի հակահրետանային համակարգերով ապահովելն էր: Մենք այդ խնդիրը յաջողեցանք լուծել տակաւին այս տարեսկիզբին,...

Հասանով. «Մեր Նպատակն Է Բանակը  Պատերազմի Պատրաստել»

Հասանով. «Մեր Նպատակն Է Բանակը Պատերազմի Պատրաստել»

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած է, թէ Ազրպէյճան կը պատրաստուի յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք զօրահանդէսին, որուն ընթացքին պիտի ցուցադրէ նոր զինատեսակներ, յատկապէս` հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգեր: Ըստ «Ինթըրֆաքս»-ի, վերջինս նաեւ նշած է, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ իրենց ուսերուն պարտք դրած է ապահովել բանակին պատրաստուածութիւնը` իրական պատերազմական գործողութիւններու: «Մեր նպատակն է պատրաստել բանակը պատերազմի, եւ այսօր ազրպէյճանական բանակը պատրաստ է ազատագրելու...

Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Սպանիոյ  Ղեկավարներու Արտակարգ Հանդիպում`   Գաղթականներու Հարցերուն Վերաբերեալ

Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի Եւ Սպանիոյ Ղեկավարներու Արտակարգ Հանդիպում` Գաղթականներու Հարցերուն Վերաբերեալ

Իտալիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ ղեկավարները, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան ներկայացուցիչները 28-էն 29 յունիսին տեղի ունենալիք վեհաժողովի նախօրէին արտակարգ ոչ պաշտօնական հանդիպում մը կ’ունենան` գաղթականութեան խնդիրին շուրջ: Ինչպէս «Քորիերէ տելլա սերա»-ն կը հաղորդէ, հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսին, Պրիւքսելի մէջ: Իտալիոյ վարչապետ Ճուզեփէ Քոնթէէն, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելէն, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնէն եւ Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեսէն բացի,...

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդէն  Միացեալ Նահանգներու Հեռացման  Վերաբերող Արձագանգներ

ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւանց Խորհուրդէն Միացեալ Նահանգներու Հեռացման Վերաբերող Արձագանգներ

Միացեալ Նահանգներու` ՄԱԿ-ի Մարդկային իրաւանց խորհուրդէն քաշուիլը տարբեր հակազդեցութեանց առիթ տուաւ: Արդարեւ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներուն առած այս քայլով խորհուրդին մէջ քաղաքականացած մթնոլորտ եւ երկու չափ-երկու կշիռի դրութիւն չի տիրեր: Անոր համաձայն, նման քայլ մը մեծ հարուած է այդ երկրին վարկին, որովհետեւ անտեսում է ո՛չ միայն խորհուրդին, այլ նաեւ անոր հովանիին...

Հիւսիսային Քորէան Մօտիկ Ապագային  Միացեալ Նահանգներուն Կը Յանձնէ Ամերիկացի  Զինուորականներու Աճիւնները

Հիւսիսային Քորէան Մօտիկ Ապագային Միացեալ Նահանգներուն Կը Յանձնէ Ամերիկացի Զինուորականներու Աճիւնները

Միացեալ Նահանգները յոյսով են, որ մօտիկ ապագային Հիւսիսային Քորէայէն պիտի ստանան աճիւնները շուրջ 200 ամերիկացի զինուորներու, որոնք զոհուած են 1950-1953 թուականներուն` քորէական պատերազմի ընթացքին: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «Սի. Էն. Էն.» պատկերասփիւռի կայանը: «Յառաջիկայ օրերուն պիտի ընթանայ աճիւններու վերադարձի կազմակերպումը, թէեւ վերադարձի ստոյգ ժամկէտը եւ վայրը տակաւին որոշուած չեն», կը նշէ կայանը` վկայակոչելով սեփական աղբիւրներ, նաեւ...

Անթոնիօ Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ Քրիստոնեաներուն  Իրաք Եւ Սուրիա Վերադարձի Պայմաններ Ապահովելու

Անթոնիօ Կութիերես Կոչ Կ՛ուղղէ Քրիստոնեաներուն Իրաք Եւ Սուրիա Վերադարձի Պայմաններ Ապահովելու

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարած է, թէ քրիստոնէութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մշակոյթին անքակտելի մէկ մասն է, ուստի պէտք է ապահովել քրիստոնեաներուն Իրաք եւ Սուրիա վերադարձը: Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի, ան այս յայտարարութիւնը կատարած էր  Ռուսիոյ Քիրիլ պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին: «Ես խորապէս համոզուած եմ, որ հազիւ Իրաքի ու Սուրիոյ մէջ կացութիւնը կայուն դառնայ եւ քաղաքական լուծում մը գտնուի առկայ հարցերուն,...

Ըստ Եւրոպական Միութեան  Գաղտնի Զեկուցումին.  2015-ին Անգարայի Մէջ Ահաբեկչութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին  Յանձնարարուած Է Արդարութիւն  Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Կողմէ

Ըստ Եւրոպական Միութեան Գաղտնի Զեկուցումին. 2015-ին Անգարայի Մէջ Ահաբեկչութիւնը ՏԱՀԵՇ-ին Յանձնարարուած Է Արդարութիւն Եւ Բարգաւաճում Կուսակցութեան Կողմէ

10 հոկտեմբեր 2015-ին Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնը կատարուած է ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներուն կողմէ, որոնց այս յանձնարարութիւնը տուած է Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը: Այս գայթակղալից պնդումը տեղ գտած է Եւրոպական Միութեան Հետախուզական եւ իրավիճակային կեդրոնին կողմէ պատրաստուած զեկուցումին մէջ: Եւրոպական Միութեան Հետախուզական եւ իրավիճակային կեդրոնը այս զեկուցումը ուղարկած է «խիստ գաղտնի» նշումով, 103 զոհ պատճառած այս ահաբեկչութենէն...

ՕՓԵՔ-ի Մէջ Քարիւղի Պահանջարկի  Նախատեսումը Կը Նկատեն Անորոշ

ՕՓԵՔ-ի Մէջ Քարիւղի Պահանջարկի Նախատեսումը Կը Նկատեն Անորոշ

Քարիւղ արտահանող երկիրներու կազմակերպութիւնը` ՕՓԵՔ-ը իր անդամ երկիրներու 23 յունիսին Վիեննայի մէջ նախատեսուած հանդիպումին ընդառաջ իր ամէնամսեայ զեկուցումին մէջ ընդգծած է քարիւղի պահանջարկի մակարդակի նախատեսութիւններու անորոշութիւնը 2018-ի երկրորդ կիսուն համար: Այս մասին կը գրէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով ՕՓԵՔ-ի յունիսեան զեկուցումը: «Թէեւ քարիւղի պահանջարկը Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ աճի ներուժ ցոյց կու տայ, գոյութիւն ունին վտանգի գործօններ,...

Սուրիա Կը Դատապարտէ Թուրք-Ամերիկեան Քայլերը  «Մընպեժէն Ետք Կարգը Պիտի Հասնի Միւս Վայրերուն»  Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Սուրիա Կը Դատապարտէ Թուրք-Ամերիկեան Քայլերը «Մընպեժէն Ետք Կարգը Պիտի Հասնի Միւս Վայրերուն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, որ Մընպեժի մէջ գործողութիւններու սկիզբը թրքական դիւանագիտութեան վերջին յաղթանակներէն է: Ըստ անոր, Թուրքիան Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ պիտի պայքարի ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու համար, եւ Մընպեժով այդ ամէնը պիտի չսահմանափակուի: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ճումհուրիեթ» օրաթերթը: «Նախ` Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այլեւս ուժեղ է թէ՛ մարտի դաշտին մէջ, թէ՛ բանակցութիւններու սեղանին շուրջ: Երկրորդը` Թուրքիան...

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հաւանութիւն  Տուած Է Պիւտճէի` Թուրքիոյ Դէմ  Պատժամիջոցներ Նախատեսող Նախագիծին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Պիւտճէի` Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Նախատեսող Նախագիծին

Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը որդեգրած է 2019-ի համար նախատեսուած պաշտպանութեան ոլորտի պիւտճէի նախագիծի իր տարբերակը, որով կը նախատեսուի պատժամիջոցներ սահմանել Թուրքիոյ դէմ` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ձեռք բերելու պարագային: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, որ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ այդպիսի մեծ գործարքի իրականացումը փաստացիօրէն կը հակասէ 2017-ին որդեգրուած Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ մէջ ռուսական ազդեցութեան...

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Կը Հաստատէ Ամերիկացի Ծերակուտականներու  Մոսկուա Այցելել Պատրաստուելու Լուրը

Ուաշինկթընի Մէջ Ռուսիոյ Դեսպանատունը Կը Հաստատէ Ամերիկացի Ծերակուտականներու Մոսկուա Այցելել Պատրաստուելու Լուրը

Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան մամլոյ գրասենեակը յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպանատունը կը հաստատէ, որ խումբ մը ամերիկացի ծերակուտականներ կը պատրաստուին այցելելու Մոսկուա` յոյս յայտնելով, որ այդ այցելութիւնը դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն վրայ: Ռուսական «Քոմմերսանթ»-ը, վկայակոչելով ամերիկեան աղբիւրը, հաղորդած էր, որ Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հանցմըն աշխատանք կը տանի ամերիկացի հանրապետական ծերակուտականներու` Մոսկուա կատարելիք այցելութեան...

Page 605 of 883 1 … 604 605 606 … 883

Արխիւներ