ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը որդեգրեց թրքական-ալճերիական-պաղեստինեան բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ պաղեստինցի ժողովուրդը պաշտպանելու եւ Կազայի շրջափակումը վերցնելու, ինչպէս նաեւ կը դատապարտէ Իսրայէլը պաղեստինցի քաղաքայիններու դէմ անհամաչափ ուժ կիրարկելուն համար:
Ընդհանուր ժողովի 120 թեր քուէներով որդեգրուած բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ` պաղեստինցի ժողովուրդը իսրայէլեան յարձակումէ պաշտպանելու, որդեգրելով այդ առնչութեամբ մեքանիզմ մը, որ յառաջիկայ 60 օրուան ընթացքին պիտի առաջարկուի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ:
Բանաձեւին դէմ քուէարկեցին 8 երկիրներ` Իսրայէլը, Միացեալ Նահանգները, Աւստրալիան, Նաուրուն, Թոկոն, Միքրոնեզիան, Սողոմոնեան կղզիները: Ձեռնպահ մնացին 45 երկիրներ, որոնց շարքին` Բրիտանիան, Գերմանիան, Քանատան, Հոլանտան եւ Լեհաստանը:



