Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն մօտիկ ապագային կրնայ ստանձնել երկրի արտաքին գործոց նախարարի, իսկ Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահին` ներքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Սոյճու» օրաթերթը` յղում կատարելով Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն աղբիւրի մը:
Բացի ատկէ, օրաթերթը կը նշէ, որ ըստ իրենց ստացած տեղեկութիւններուն, Թուրքիոյ փոխվարչապետ ու կառավարութեան բանբեր Պեքիր Պոզտաղ կրնայ ստանձնել երկրի փոխնախագահի կամ իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավարի պաշտօնը:
Յիշեցնենք, որ 24 յունիսին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կուսակցութիւնը կորսնցուցած է խորհրդարանական մեծամասնութիւնը, իսկ ընդդիմութիւնը պիտի կազմէ խորհրդարանին 45,73 առ հարիւրը:
Նախագահական ընտրութեան ընթացքին Էրտողան ստացած է քուէներուն 52,6 առ հարիւրը` վերընտրուելով երկրի ղեկավարի պաշտօնին:



