«Նաշրա» լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ դիւանագիտական աղբիւրներ տեղեկացուցած են, թէ ՄԱԿ-ի անդամները համաձայնութիւն գոյացուցած են յառաջիկայ 12 ամսուան ընթացքին ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն նուազ քան 7 միլիառ տոլար յատկացնելու շուրջ:
Աղբիւրներէն մէկը նշած է, որ խաղաղապահ գործողութիւններու պիւտճէն 122 միլիոն տոլարով կրճատուած է` նուազելով 6,689 միլիառ տոլարի:
ՄԱԿ-ի խաղաղապահ գործողութիւններուն համար յատկացուած պիւտճէն անցեալ տարի 7,3 միլիառ տոլար էր:



