Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Հուլուսի Աքար, մեկնաբանելով Սուրիոյ Մընպեժ քաղաքին մէջ տիրող կացութիւնը, յայտնած է, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատները սկսած են լքել քաղաքը, իսկ անոնց մօտ եղած զէնքը ետ կ՛առնուի ամերիկեան ուժերուն կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Միլլիեթ» օրաթերթը:
Ամերիկեան կողմը տակաւին պաշտօնապէս որեւէ ձեւով չէ արձագանգած թրքական բանակի սպայակոյտի պետին այս յայտարարութեան:
Աքար նաեւ նշած է, թէ վերջին ամիսներուն թրքական օդուժը Իրաքի հիւսիսային շրջանին մէջ ոչնչացուցած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) վերահսկողութեան տակ գտնուող հարիւրաւոր դիրքեր:
Ան ընդգծած է, որ իրենք այսուհետեւ ալ պիտի շարունակեն «ահաբեկչութեան դէմ պայքարը»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նախապէս անդրադարձած էր Մընպեժի մէջ թուրք-ամերիկեան միացեալ գործողութիւններուն` նշելով, որ քիւրտ զինեալները անպայման պէտք է հեռանան այդ տարածքէն, իսկ Միացեալ Նահանգներ պէտք է ետ առնեն անոնց տրուած ամերիկեան զէնքերը:
«Մընպեժ քաղաքի բնակչութեան 96 առ հարիւրը արաբ է: Քիւրտերուն նպատակը ի՞նչ է` պառակտելը: Հետեւաբար անոնց այստեղ մնալը անկարելի է», ըսած էր Չաւուշօղլու:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտնած էր, որ Իրանը Թուրքիոյ համար կարեւոր դրացի է եւ այդ երկրին մէջ որեւէ բացասական զարգացում իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ:
Չաւուշօղլու շեշտած էր, որ Իրանի գերիշխանութեան խախտումը «ոչ ոքի համար ձեռնտու է»:



