Իրանեան զինեալ ուժերը զգուշացուցին Սուրիա եւ Իրաք փոխադրելու համար քիմիական նիւթով մը բեռնաւորուած ամերիկեան նաւու մը Արաբական ծոց մուտքի հետեւանքներէն:
Իրանեան բանակի բանբեր մը յայտնեց. «Ամերիկացիները այս միջոցը նախապէս ալ օգտագործեցին Դամասկոսը քիմիական զէնքի կիրարկման յանցանքով ամբաստանելու համար»:
«Ամերիկացիները պատրուակներու կը դիմեն Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իրենց անօրինական ներկայութիւնը պահպանելու համար», աւելցուց ան:
Իրանեան զինեալ ուժերու բանբեր մը երէկ առաւօտեան իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, թէ քիմիական նիւթով բեռնաւորուած ամերիկեան նաւ մը կանգնած է Արաբական ծոցի շրջանի երկիրներէն մէկուն ծովափին մօտ:
Իրանեան բանակի սպայակոյտի մշակութային ու զինուորական տեղեկատուութեան հարցերով օգնական գնդապետ-զօրավար Ապուլֆատըլ Շաքարաթճի յայտնեց, որ «Ռէյ Քափ» նաւը վերջերս ամերիկեան մարտանաւու մը ընկերակցութեամբ մուտք գործած է շրջան` նշելով, որ այդ նաւը վատահամբաւ է, որովհետեւ նախապէս այցելած է Սուրիոյ եւ Իրաքի նման կարգ մը շրջաններ, ուր ամերիկեան ուժերը կարգ մը կողմերու կողմէ քիմիական զէնքերու կիրարկման պատրուակով դիմած են զինուորական քայլերու:



