«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ սուրիական բանակը սուրիական դրօշը բարձրացուցած է Տարաայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ:
Միեւնոյն ժամանակ հաշտութեան յանձնախումբերու ճամբով զինեալ ընդդիմադիրներու կարգավիճակի կարգաւորումէն ետք, ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը տարածուած է Տահել շրջանին մէջ:
Սուրիական բանակը Տահել մուտք գործելէն ետք մօտեցած է Հաուրանի արեւմտեան գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի եւ ՏԱՀԵՇ-ի կեդրոններուն:
Միւս կողմէ, «Մայատին» հաղորդեց, որ Յորդանանի մէջ ռուսական կողմին եւ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան միջեւ բանակցութիւնները մատնուած են ձախողութեան, եւ այժմ Պուսրա Շամի մէջ միակ ընտրանքը հարցը զինուորական գետնի վրայ վճռելն է:
Սուրիական զինուորական աղբիւր մը սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնած է, որ սուրիական բանակը իր վերահսկողութեան տակ առած է Տարաա քաղաքին արեւմուտքը գտնուող Կիզա, Սահուա եւ Թել Զումաթիյէ ռազմավարական դիրք ունեցող գիւղերը, եւ այդպիսով յաջողած է կտրել զինեալներու մատակարարման ճամբան:
Աղբիւրը աւելցուցած է, որ այսպիսով սուրիական բանակը փակած է Սուրիա-Յորդանան սահմանը իրարու կապող եւ Յորդանանէն երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող բացը, ուստի իրարմէ անջատած է Տարաայի արեւելեան ու արեւմտեան գիւղական շրջանները:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ հարաւը գտնուող երեք գիւղեր միացած են շրջանին մէջ զինադադարի դրութեան եւ ընդդիմադիր 250 զինեալներ համաձայն գտնուած են կառավարութեան մօտ իրենց կարգավիճակը կարգաւորելու:
Զինեալները իրենց զինուորական մեքենաները եւ մեծաքանակ ու տարատեսակ զինամթերքը յանձնած են:
Միւս կողմէ, Հմէյմիմի մէջ գտնուող ռուսական ռազմակայանը հաղորդեց, որ շաբաթ գիշեր Լաթաքիոյ գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Հմէյմիմ օդակայանէն ոչ հեռու վար առնուած են խումբ մը անծանօթ առանց օդաչուի թռչող սարքեր:
Ռատարներու ճամբով օդակայանին հիւսիս-արեւելքը գտնուող այդ սարքերը անոնց յայտնաբերումէն ետք վար առնուած են հակաօդային զէնքերու ճամբով:



