Իրանի իշխանութիւնները սեփական մարզին պիտի արտօնեն Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներուն հակազդելու համար քարիւղ արտածել: Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի փոխնախագահ Էսհաք Ճահանկիրի:
Անոր համաձայն, օտար երկիրներու կողմէ իրանեան քարիւղի գնման ծաւալները զերոյի հասցնելու Միացեալ Նահանգներու ձգտումը անիրագործելի է:
Նոյնպիսի տեսակէտ յայտնած է Իրանի քարիւղի հարցերով նախարարութեան մէկ այլ պաշտօնատար անձ:
«Մենք քննարկած ենք հարցը բարեկամ երկիրներու հետ եւ բացած քարիւղի վաճառքի ճամբաները: Քարիւղը պիտի ներկայացուի ներքին սակարանին մէջ, եւ սեփական մարզը պիտի կարենայ զայն արտածել», ըսած է ան` աւելցնելով, որ իրանեան իշխանութիւնները ունին ծրագիր մը, որ Միացեալ Նահանգներուն պիտի չարտօնէ իրագործել իրենց մտադրութիւնները եւ Իրանին կարելիութիւն պիտի տայ անհրաժեշտ մակարդակով քարիւղ վաճառել:
Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բարձրաստիճան մէկ ներկայացուցիչը յայտարարած էր, թէ Ուաշինկթըն պիտի փորձէ իր դաշնակիցները համոզել մինչեւ նոյեմբերի սկիզբը ամբողջականօրէն դադրեցնելու Իրանէն քարիւղի ձեռքբերումը:
Անոր համաձայն, այդպիսի քննարկումներ կը կատարուին նաեւ այլ երկիրներու, ներառեալ` Չինաստանի հետ:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ 8 մայիսին յայտարարած էր, որ իր երկիրը դուրս կու գայ 2015-ին Վեցեակի (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Բրիտանիա, Չինաստան, Ֆրանսա եւ Գերմանիա) Իրանի հետ կնքած Թեհրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնագիրէն:
Թրամփ նաեւ յայտարարած էր վերականգնումը Իրանի դէմ հաստատուած բոլոր պատժամիջոցներուն, որոնց գործադրութիւնը դադրեցուած էր համաձայնագիրի կնքումէն ետք:
Նշենք, որ Թրամփ երէկ յայտարարեց, որ Իրանի հետ աշխատող եւրոպական ընկերութիւններուն դէմ պատժամիջոցներ պիտի կիրարկուին:



