Ծայրայեղ իսլամական Թալեպան շարժումի զինեալները գրաւած են Տաճիկիստանի հետ սահմանին վրայ գտնուող Այ Խանում աֆղանական նաւահանգիստը:
Ռուսական «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը, յղում կատարելով աֆղանական լրատուամիջոցներուն, կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած են Աֆղանիստանի հիւսիսարեւելեան Թահար նահանգի վարչակազմէն աղբիւրներ:
Նշեալ նաւահանգիստին դէմ յարձակումը շղթայազերծուած է շաբաթ գիշեր:
Թալեպան զինեալները սահմանապահ ոստիկանութեան երկու աշխատակից սպաննած են եւ երկու սահմանապահներ վիրաւորած, ինչպէս նաեւ հինգ զինուորներ գերեվարած:
Աղբիւրին հաղորդումով` զինեալները հրկիզած են ամերիկեան զինուորական մէկ ամենագնաց մեքենայ, ինչպէս նաեւ զրահապատ մեքենայ մը եւ երկու ոստիկանական ինքնաշարժներ:



