Միջազգային

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Շրջանին մէջ դաշնակիցները զիս տեղեակ պահեցին, թէ զինուորական մեծ ուժի մը մուտք գործելն եւ մեզ հետ իր համաձայնութիւնը խախտելուն պարագային Համասը պատժելը պիտի ողջունեն»: «Դաշնակիցներուն եւ Իսրայէլի փոխանցեցի, թէ տակաւին Համասի դէմ զինուորական միջամտութիւն կատարելու ժամանակը չեկաւ», նշեց Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց. «Յոյս կայ, որ Համաս ճիշդ բանը ընէ, եւ եթէ ատիկա չընէ,...

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի կը գտնուի Փարիզի Սանթէ բանտին մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Լը Ֆիկարօ»-ն: Սարքոզի դարձաւ Ֆրանսայի առաջին նախկին նախագահը, որ կը բանտարկուի: Ան դատապարտուած է հինգ տարուան բանտարկութեան: Մեղադրուելով Լիպիայէն ստացուած միջոցներով իր 2007 թուականի ընտրարշաւը ֆինանսաւորելու ծիրին մէջ յանցաւոր դաւադրութեան մէջ` Սարքոզի կը պնդէ իր անմեղութիւնը: Ան իր պատիժը կը կրէ բանտի մը մէջ, ուր պահուած...

Զելենսքի. «Ռուսիոյ Հետ Պատերազմին Վերջ Տալը Դիւրին Չէ»

Զելենսքի. «Ռուսիոյ Հետ Պատերազմին Վերջ Տալը Դիւրին Չէ»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտնեց. «Ուքրանիան կարիքը ունի «Փաթրիոթ» տիպի ամերիկեան օդային պաշտպանութեան 25 համակարգերու»` շեշտելով. «Ապահովական երաշխիքները մեր բանակցային առաջնահերթութիւններուն գլխաւորն են»: «Ռուսիոյ հետ պատերազմին վերջ տալը դիւրին չէ, եւ նախագահ Տանըլտ Թրամփ կ՛ուզէ օգտագործել Միջին Արեւելքի մէջ իրագործուած խաղաղութեան թափը», ըսաւ Զելենսքի: «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին իր չունեցածին շուրջ կը բանակցի, ինչպէս նաեւ Ուքրանիան ծախու չէ», ըսաւ ան:...

Ուիթքոֆ. «Կազայի Վերաշինութեան Գինը Շուրջ 50 Միլիառ Տոլարով Կը Գնահատուի, Եւ Կը Կարծենք, Թէ Գումարները Արագօրէն Պիտի Հաւաքուին»

Ուիթքոֆ. «Կազայի Վերաշինութեան Գինը Շուրջ 50 Միլիառ Տոլարով Կը Գնահատուի, Եւ Կը Կարծենք, Թէ Գումարները Արագօրէն Պիտի Հաւաքուին»

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի հարցով պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ «Սի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Կազայի վերաշինութեան գինը շուրջ 50 միլիառ տոլար կը գնահատուի»` նշելով. «Կը կարծենք, որ գումարները արագօրէն պիտի հաւաքուին»: «Միջին Արեւելքի մէջ կան կառավարութիւններ, որոնք պիտի շտապեն ֆինանսաւորելու, ինչպէս նաեւ եւրոպական մասնակցութիւն կը նախատեսուի», ըսաւ ամերիկացի պատուիրակը: «Ծրագիրի առաջին փուլը կը վերաբերի անոր իրողապէս ձեռնարկելուն, եւ ատոր վրայ կ՛աշխատիմ», ըսաւ ան:...

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Կազայի մէջ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարը տակաւին ի զօրու է»: «Համասի ղեկավարութիւնը որեւէ խախտումի մեղսակից չէր», ըսաւ Թրամփ` խախտումին համար այպանելով «շարժումին մէջ կարգ մը ըմբոստներ»: «Յամենայն դէպս, խնդիրին նկատմամբ պէտք եղած վարուելակերպը պիտի ցուցաբերուի: Անոնց հետ խստութիւն պիտի ցուցաբերուի, սակայն պատշաճ կերպով», աւելցուց ան: Սպիտակ տան ղեկավարը յոյս յայտնեց, որ զինադադարը տոկայ`...

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց. «Ռուս դիւանագէտները խոր եւ շատ լուրջ աշխատանք կը տանին պատրաստելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հանդիպումը»: Զախարովա ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Փութինի եւ Թրամփի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցաւ, եւ նախագահի գրասենեակը զայն մեկնաբանեց: Նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով եւս զայն մանրամասն մեկնաբանեց, եւ ատոր...

Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան բանակին ցուցմունք տուաւ ուժեղ կերպով Կազան հարուածելու` Համասը ամբաստանելով զինադադարի խախտման յանցանքով: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց իր կարգին յայտարարեց. «Համաս այսօր ցաւալիօրէն պիտի սորվի, թէ բանակը վճռած է իր զինուորները պաշտպանել եւ անոնց վրայ որեւէ յարձակում արգիլել»: Ըստ իսրայէլեան բանակի բանբեր Աւիխայ Ատրահիի, զինեալներ հակահրասայլային հրթիռներ արձակած են եւ կրակ բացած իսրայէլեան ուժերու վրայ,...

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը`  Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

Մեկնաբանելով Զելենսքիի Հետ Հանդիպումը` Թրամփ. «Թող Երկուքն Ալ Իրենց Յաղթանակը Յայտարարեն, Պատմութիւնը Ինքը Պիտի Որոշէ»

«Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումը շատ հետաքրքրական եւ ընկերական էր, սակայն ես անոր ըսի, ինչպէս նաեւ եւ խստօրէն խորհուրդ տուի նախագահ Փութինին, որ ժամանակն է դադրեցնելու սպանութիւնները եւ գործարք կնքելու», այս մասին ընկերային ցանցի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Բաւական արիւն թափեցաւ, սեփականութեան սահմանները կ՛որոշուին պատերազմով եւ քաջութեամբ: Անոնք պէտք է կանգ առնեն այնտեղ, ուր կը...

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

«Ուաշինկթըն Փոսթ». «Ուիթքոֆ Պահանջած Է, Որ Ուքրանիան Լքէ Քիեւի Կողմէ Վերահսկուող Տոնեցքի Տարածքները»

Ուիթքոֆ պահանջած է, որ Ուքրանիան լքէ Քիեւի կողմէ վերահսկուող Տոնեցքի տարածքները: Այս մասին կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ը: Օրաթերթը կը նշէ, թէ 17 հոկտեմբերին Զելենսքիի հետ բանակցութիւններու ժամանակ Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը ճնշում գործադրած է ուքրանական պատուիրակութեան վրայ` նշելով, որ Տոնեցքը գերազանցապէս ռուսախօս շրջան է:

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, որ Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշտի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ան նշեց, որ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին «մեծ յառաջընթաց» արձանագրուած է: Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով հեռաձայնային հաղորդակցութեան անդրադառնալով լրագրողներուն յայտնեց. «Համաձայնութիւն գոյացաւ, որ երկու երկիրներու ներկայացուցիչները անմիջապէս աշխատանքի սկսին կազմակերպելու վեհաժողով մը, որ կրնայ տեղի ունենալ, օրինակ` Պուտափեշտի մէջ»: «Քննարկումը տեղի...

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Միացեալ Նահանգներու «Միջին Արեւելքի հարցով պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց.  «Պէտք է Համաս կտրուկ կերպով զինաթափուի, ան Կազայի մէջ ապագայ չունի»: Այս մասին հաղորդեց «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթը: «Փոխանցման փուլը պէտք է ներառէ Կազայի բնակչութեան պաշտօններն ու կրթութիւնը եւ ոչ թէ միայն զէնքը եւ բռնութիւնը», նշեց Ուիթքոֆ: «Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին երաշխաւորելու Կազայէն մահացած գերիներու բոլոր դիակներու տունդարձի երաշխաւորման համար», ըսաւ ան:...

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Ուքրանիան տակաւին պատրաստ են խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու: Այս մասին «Նիուզմաքս»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վենս: «Հակառակ անոր որ Միացեալ Նահանգներու նախագահի եռանդուն դիւանագիտութիւնը կրնայ մարդոց փոխզիջման մղել, վերջին հաշուով պէտք է ըլլան երկու կողմեր, որոնք պատրաստ են գործարք կնքելու, եւ ո՛չ Ռուսիան, ո՛չ ալ Ուքրանիան տակաւին պատրաստ են ատոր», ըսած...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի.  Միացեալ Նահանգներ Քարայիպեան Ծովու Շրջանին Մէջ Արդիական Զէնքեր Տեղակայած Է

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Միացեալ Նահանգներ Քարայիպեան Ծովու Շրջանին Մէջ Արդիական Զէնքեր Տեղակայած Է

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Քարայիպեան ծովու շրջանին եւ Վենեզուելայի հիւսիսային օդային տարածքին մէջ արդիական զէնքեր տեղակայած է: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութենէն` Փենթակոնէն ամերիկացի պաշտօնատար մը ամերիկեան օրաթերթին յայտնած է, թէ մասնայատուկ ուժեր յատուկ գործողութիւններու միաւորներէն ուժեր տեղակայուած են, ներառեալ օդուժի թիւ 160 գաղտնի միաւորէն զօրամաս մը: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ նշեալ միաւորը մասնայատուկ ուժերուն համար առաքելութիւններ...

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց. «Իսրայէլ մէկ խօսքովս կրնայ Կազայի մէջ կռիւը շարունակել, եթէ Համաս զինադադարի համաձայնութիւնը չյարգէ»: Այս մասին հաղորդեց «Սի.Էն.Էն.»-ը: «Կազայէն գերիներու ազատագրումը չափազանց կարեւոր բան էր, եւ Համաս ներկայիս կը միջամտէ եւ կ՛ոչնչացնէ բիրտ աւազակախումբերը», նշեց Թրամփ:  

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Հնդկաստանի վարչապետը յայտնեց, թէ իր երկիրը ռուսական քարիւղ պիտի չգնէ, եւ այժմ պէտք է Չինաստանը մղենք ռուսական քարիւղը գնելէ դադրելու»: Միւս կողմէ, Թրամփ նշեց. «Կը մտածեմ վենեզուելական հողերուն վրայ գործել օդային յարձակումներ, որոնք կը թիրախաւորեն թմրեցուցիչի աւազակախումբերը»: Անդրադառնալով Վենեզուելայի ծովափին մօտ նաւերու ռմբակոծման` Սպիտակ տան ղեկավարը յայտնեց, որ երբ նաւերը թմրեցուցիչներով բեռցուած են, անոնք...

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Քրեմլին յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ քննարկեց Սուրիոյ մէջ ռուսական ռազմակայաններու հարցը»` նշելով. «Փութինի Սուրիա այցելութիւնը երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին չքննարկուեցաւ, եւ այսպիսի հրաւէրներ կարելի է ուղղել դիւանագիտական խողովակներով»:  

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Կողմէ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Փորձը Ձախողեցաւ

Ֆրանսայի Ազգային Ժողովին Կողմէ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Փորձը Ձախողեցաւ

Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Սեպասթիան ԼըՔորնիւի նորակազմ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու փորձը ձախողեցաւ: Ազգային ժողովի նախագահ Եաէլ Պրոն-Փիվէ քուէարկութենէն ետք յայտարարեց. «Անհրաժեշտ մեծամասնութիւնը չապահովուեցաւ, եւ բանաձեւը մերժուեցաւ»: Կառավարութեան հրաժարականին արմատական ձախի առաջարկին թեր քուէարկեց խորհրդարանի 577 անդամներէն 271-ը, իսկ ծայրայեղ աջի առաջարկին` միայն 144 անդամներ: Անվստահութեան քուէի ընդունման համար անհրաժեշտ էր 289 քուէ: Նախքան քուէարկութիւնը, Ազգային ժողովը քննարկեց կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու...

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգները Չինաստանի Հետ Առեւտրական Պատերազմի Մէջ Են»

Թրամփ. «Միացեալ Նահանգները Չինաստանի Հետ Առեւտրական Պատերազմի Մէջ Են»

Միացեալ Նահանգները Չինաստանի հետ առեւտրական պատերազմի մէջ են: Այս մասին Սպիտակ տան մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Չինաստանի հետ յարաբերութիւններուն մէջ կացութիւնը կրնա՞յ առեւտրական պատերազմի հասնիլ, Սպիտակ տան ղեկավարը ըսած է. «Մենք արդէն առեւտրական պատերազմ կը վարենք»: Նախապէս Չինաստանի առեւտուրի նախարարութենէն պատասխանած էին, թէ Փեքինը թէ՛ բանակցութիւններու, թէ՛ ալ...

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Համաս պիտի հրաժարի իր զէնքէն, եւ եթէ այդ մէկը չկատարէ, «մենք զայն պիտի զինաթափենք, եւ զինաթափումը տեղի պիտի ունենայ արագ կերպով եւ թերեւս բռնի ուժով»: Թրամփ Ձուաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներուն յայտնեց. «Համաս կարգ մը աւազակախումբեր ոչնչացուց, եւ ատիկա ինծի մեծ անհանգստութիւն չի պատճառեր»: «Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան փափաքի մակարդակին նմանը չտեսայ», աւելցուց ան:...

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու ամերիկեան «Սի.Պի.Էս. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Համաձայնութիւն գոյացուցինք խաղաղութեան առիթ ընծայելու, եւ ծրագիրին քսան կէտերը չափազանց յստակ են»: «Հարցը միայն գերիներու վերադարձին չի վերաբերիր, այլ անոր կը յաջորդէ նաեւ զինաթափումը եւ զինուորական ներկայութեան վերացումը», նշեց ան: «Համաձայնութիւն գոյացուցինք ծրագիրին առաջին մասը գործադրելու եւ անոր երկրորդ բաժինի խաղաղ գործադրութեան առիթ ընծայելու», նշեց Իսրայէլի վարչապետը:...

Page 59 of 882 1 … 58 59 60 … 882

Արխիւներ