Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ ընդունեց Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհը:
Փութին հանդիպումի ընթացքին նշեց.
«Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութիւնը լաւ արդիւնքներ պիտի տայ»:
«Երկու երկիրներու միացեալ յանձնախումբը պիտի շարունակէ աշխատանքը, եւ մենք պատրաստ ենք շարք մը ծրագիրներ իրականացնելու», նշեց Փութին:
Նախքան այդ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ Մոսկուա այցելութեան ընթացքին պաշտօնապէս Ռուսիոյ պիտի դիմէ Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը արտայանձնելու համար` սուրիացիներու դէմ կատարուած յանցագործութիւններու համար դատուելու նպատակով:
Սուրիական պաշտօնական աղբիւր մը լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Շարհ կը պատրաստուի բանակցութիւններ վարել Թարթուսի մէջ Ռուսիոյ ծովուժի ռազմակայանի եւ Հմէյմիմի մէջ գտնուող օդուժի ռազմակայանի շարունակական ներկայութեան վերաբերեալ:
Սուրիոյ նախագահը Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին իր կարգին նշեց. «Նոր Սուրիան բոլոր շրջանային ու միջազգային պետութիւններուն հետ յարաբերութիւնները վերստին կը հաստատէ, եւ Սուրիան ու Ռուսիան զիրար կապող երկկողմանի յարաբերութիւններ ու հասարակաց շահեր գոյութիւն ունին, եւ մենք կը յարգենք անոր հետ կնքուած բոլոր համաձայնութիւնները»:
«Մենք Ռուսիոյ հետ սերտ յարաբերութիւններ ունինք, եւ Սուրիոյ մէջ ուժանիւթի մարզի մեծ մասը կախեալ է ռուսական փորձագիտութենէն», աւելցուց ան:
Փութին ըսաւ. «Ռուս-սուրիական յարաբերութիւնները բարեկամական են, եւ Ռուսիան որեւէ կապ չունէր քաղաքական կացութեան կամ նեղ շահերուն հետ: Անոր յարաբերութիւնը կապուած է փոխադարձ շահերու եւ սուրիացի ժողովուրդի շահերուն հետ»:
«Սուրիացի ժողովուրդին հետ սերտ կապեր ունինք եւ կը ջանանք Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները զարգացնել: Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ կառավարական միացեալ յանձնախումբը պիտի շարունակէ իր աշխատանքը», նշեց ան: