Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի Շարմ Շէյխ քաղաքին մէջ երկուշաբթի երեկոյեան գումարուեցաւ Կազայի մէջ խաղաղութեան վեհաժողովը` նախագահութեամբ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի, մասնակցութեամբ պետութիւններու եւ շրջանային ու միջազգային կազմակերպութիւններու աւելի քան 31 ղեկավարներու:

Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի, Թուրքիոյ եւ Քաթարի ղեկավարները ստորագրեցին Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ համաձայնութեան վերաբերեալ համապարփակ փաստաթուղթ մը:

Թրամփ վեհաժողովի բացման իր խօսքին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի նախագահին, եւ ըսաւ, որ ան կը ղեկավարէ 7000-ամեայ քաղաքակրթութիւն ունեցող պետութիւն մը:

Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ զինք որակեց «հրաշալի մարդ մը», եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր «հոյակապ բարեկամութեան համար»:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Քաթարին ու գովաբանեց անոր շէյխ Թամիմ Պըն Համատ Ալ Թանի իշխանը եւ զայն որակեց հրաշալի ղեկավար մը:

Սպիտակ տան ղեկավարը վեհաժողովէն ետք Սիսիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խորհրդաժողովի ընթացքին ստորագրուած փաստաթուղթը պատմական որակեց: «Միասնաբար իրագործեցինք անկարելին` Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ Կազայի մէջ պատերազմը վերջ գտաւ եւ օժանդակութիւններուն հոսքը սկսաւ:

Սպիտակ տունը հրապարակեց շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ բարգաւաճման տարածման երաշխաւորման փաստաթուղթը, որ կը նշէ, թէ զայն ստորագրող երկիրները կ՛ողջունեն Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հովանիին տակ ձեռք բերուած խաղաղութեան համաձայնագիրի բոլոր կողմերուն կողմէ իրական, պատմական յանձնառութիւնը եւ իրականացումը, որ վերջ դրած է երկու տարիէ աւելի տեւած խոր տառապանքներուն ու կորուստներուն, եւ շրջանին համար յոյսի, անվտանգութեան, խաղաղութեան ու բարգաւաճման ընդհանուր տեսլականի նոր էջ կը բանայ:

Անոնք աջակցութիւն յայտնեցին Թրամփի` Կազայի պատերազմին վերջ տալու եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեւական խաղաղութիւն հաստատելու ջանքերուն, եւ խոստացան միասնաբար աշխատիլ այս համաձայնութիւնը գործադրելու այնպիսի ձեւով մը, որ կ՛երաշխաւորէ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանի բոլոր ժողովուրդներուն, որոնց  կարգին պաղեստինցիներուն ու իսրայէլացիներուն առիթները:

Փաստաթուղթը կը նշէ, թէ տեւական խաղաղութիւնը այն է, որ թէ՛ պաղեստինցիները, թէ՛ իսրայէլացիները կարող կը դարձնէ բարգաւաճելու` միաժամանակ երաշխաւորելով անոնց մարդկային հիմնական իրաւունքները, անվտանգութեան եւ արժանապատուութեան պաշտպանութիւնը:

Փաստաթուղթը յայտնեց, որ իսկական յառաջընթացը կ՛արձանագրուի տեւական գործակցութեան եւ երկխօսութեան ճամբով, եւ պետութիւններու եւ ժողովուրդներու միջեւ կապերու ամրապնդումը կը ծառայէ շրջանային ու միջազգային խաղաղութեան ու կայունութեան տեւական շահերուն:

Ստորագրողները խոստացան աշխատանք տանիլ դիւանագիտական երկխօսութեան ու բանակցութիւններու ճամբով լուծելու ապագայ տագնապները, եւ ոչ թէ ուժի կիրարկումով եւ երկարատեւ տագնապներով:

Անոնք նշեցին, որ Միջին Արեւելքը չի կրնար երկարատեւ պատերազմներու ոլորապտոյտի, ձախողած բանակցութիւններու կամ համաձայնութիւններու մասնակի եւ ընտրովի գործադրութեան տոկալ:

Փաստաթուղթը ընդգծեց իւրաքանչիւր մարդու համար` անկախ ցեղէ, կրօնէ կամ ազգային պատկանելիութենէն, հանդուրժողականութեան, արժանապատուութեան եւ հաւասար կարելիութիւններու հասնելու ձգտումը, ինչպէս նաեւ ծայրայեղականութիւնն ու արմատականացումը անոնց բոլոր դրսեւորումներով վերացնելու վճռականութիւնը:

 

 

Նախորդը

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

RelatedPosts

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մինչ Ուիթքոֆ «Իսկական Յառաջընթաց» Կը Նախատեսէ.  Քրեմլին Այսօր Ռիատի Մէջ Ուաշինկթընի Հետ «Դժուար Բանակցութիւններ» Կը Նախատեսէ
Միջազգային

Քրեմլին Կ՛ողջունէ Կազայի Հարցի Կարգաւորումէն Ետք Ուքրանիոյ Տագնապին Վրայ Կեդրոնանալու Թրամփի Մտադրութիւնը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?