Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն ողջունեց «Համասի` Կազայէն իսրայէլացի ողջ գերիները ազատ արձակել սկսիլը»:
Ֆրանսայի նախագահը նշեց. «Խաղաղութիւնը Իսրայէլի, Կազայի եւ շրջանին համար կարելի դարձաւ»:
Մաքրոն Կազայի վերաբերեալ վեհաժողովին մասնակցելու համար Շարմ Շէյխ հասնելէ ետք յայտնեց. «Կը բաժնեմ ընտանիքներուն եւ իսրայէլացի ժողովուրդին եօթը գերիներու Կարմիր խաչին յանձնուելէն ետք ուրախութիւնը»:
Ֆրանսայի նախագահը նաեւ յայտարարեց. «Պաղեստինեան իշխանութեան կողքին շատ յատուկ դերակատարութիւն մը պիտի ունենանք եւ նախանձախնդիր պիտի ըլլանք, որ անիկա դերակատարութիւն ունենայ, սակայն պէտք է նաեւ (պահանջուած) բարեկարգումները կատարէ»:
Ան Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի Շարմ Շէյխի վեհաժողովին մասնակցութիւնը նկատեց «շատ լաւ ցուցանիշ մը եւ իբրեւ օրինական կառոյց պաղեստինեան իշխանութեան դերակատարութեան ճանաչում»: