Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժինփինկի Հետ Թրամփի Հանդիպումի Թուականը Ճշդուած Է

Հոկտեմբեր 16, 2025
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ներկայացուցիչ Ճէյմս Կարիր յայտնեց. «Հակառակ Թրամփի հանդիպումին նկատմամբ կասկած արտայայտելուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր չին պաշտօնակից Շի Ժինփինկի միջեւ հանդիպումին ժամանակը ճշդուած է»:

«Հազուագիւտ մետաղներու արտածումներուն վրայ չինական հսկողութեան քայլերը չափազանցուած են, եւ անոնք յանկարծ ոչինչէն երեւան եկան», նշեց Կարիր:

Ան լաւատեսութիւն յայտնեց այս հարցով Չինաստանի հետ տարակարծութիւններու կարգաւորման նկատմամբ եւ նշեց. «Անցեալին յաջողեցանք անոնց հետ յառաջ ընթանալու ուղի գտնել, ուստի կը կարծենք, որ այս մէկը եւս պիտի կարենանք շրջանցել»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նախապէս կասկած յայտնած էր Հարաւային Քորէայի մէջ Հարաւարեւելեան Ասիոյ պետութիւններու միութեան` ԱՍԷԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ Չինաստանի նախագահ Շի Ժինփինկի հետ իր հանդիպումի կայացման նկատմամբ, ամերիկեան շարք մը զգայուն ճարտարարուեստներու վրայ ազդեցութիւն ունեցող հազուագիւտ մետաղներու արտածման վրայ խիստ հսկողութիւն հաստատելու չինական որոշումին պատճառով:

Նախապէս «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ը եւս գրած էր, թէ Թրամփ-Ժինփինկ հանդիպումը կրնայ տեղի չունենալ:

Օրաթերթը գրած էր, թէ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսեթ եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօն նախապէս բանակցութիւններ վարած են իրենց չին պաշտօնակիցներուն հետ, ինչ որ յառաջացուցած է ենթադրութիւններ, թէ նախագահները պիտի հանդիպին:

Բայց եւ այնպէս, Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ առեւտրական բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացի բացակայութիւնը նուազեցուցած է Փեքինի մէջ վեհաժողովի հաւանականութիւնը:

Թրամփ եւ Ժինփինկ տակաւին կրնան հանդիպիլ Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան տնտեսական համաժողովի վեհաժողովին մէջ, սակայն հանդիպումը պակաս նշանակալից պիտի ըլլայ:

Հիմնական խնդիրը այն է, որ Ուաշինկթըն կը կարծէ, որ Չինաստանը կը շարունակէ Միացեալ Նահանգներուն ֆենթանիլի արտադրութեան մէջ օգտագործուող նիւթեր մատակարարել, իսկ Փեքին, իր կարգին, մտահոգ է Միացեալ Նահանգներու կողմէ սահմանուած մաքսատուրքերով:

 

Նախորդը

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Յաջորդը

«Դատաբժշկական Փորձաքննութիւնը Հաստատեց` Համասի Կողմէ Յանձնուած 4-րդ Դիակը Չի Համապատասխաներ Գերիներէն Ոեւէ Մէկուն» Կ՛ըսէ Իսրայէլեան Բանակը

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?