Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ դատաբժշկական փորձաքննութիւնը հաստատած է, որ Համաս շարժումին յանձնած չորս դիակներէն մէկը չի համապատասխաներ իսրայէլացի գերիներէն ոեւէ մէկուն:
Իսրայէլեան բանակը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցուց, որ Համաս անհրաժեշտ ամէն ջանք պէտք է թափէ գերիներու դիակները վերադարձնելու: