Ուաշինկթըն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Իր Ուժերը Հեռացնելու Աբխազիայէն Եւ Հարաւային Օսեթիայէն
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ Մոսկուային կոչ ուղղեց` «իր ուժերը Վրաստանի մէջ Աբխազիայէն եւ Հարաւային Օսեթիայէն հեռացնելու մինչեւ 2008-ին կնքուած զինադադարի համաձայնութեամբ ճշդուած դիրքերը»: «Նշեալ երկու շրջանները մաս կը կազմեն Վրաստանին եւ ոչ թէ Ռուսիոյ», նշեց ան` աւելցնելով. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ Վրաստանի գերիշխանութեան եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ հողային ամբողջականութեան»: Յիշեցնենք, որ օգոստոս 2008-ին տեղի...




















