ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես վրաց-օսական տագնապի 10-ամեակին առիթով կողմերուն կոչ ուղղեց` հարցերը լուծելու երկխօսութեան միջոցով: Այդ մասին լրագրողներուն յայտնած է ՄԱԿ-ի ղեկավարի բանբեր Ֆարհան Հաք, կը գրէ ՄԱԿ-ի կայքը:
«Բոլոր շահագրգիռ կողմերը պէտք է առաջնահերթ ուշադրութիւն դարձնեն երկխօսութեան միջոցով յառաջընթացին եւ խուսափին պառակտիչ քաղաքականութենէն ու միակողմանի գործողութիւններէն, որոնք կրնան բացասաբար ազդել շրջանային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան վրայ», ըսուած է Կութիերեսի յայտարարութեան մէջ:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը նշած է, որ Հարաւային Օսեթիոյ տագնապի տարելիցը «կը յիշեցնէ այդ եւ Եւրոպայի մէջ այլ չլուծուած տագնապներու լուծման անհրաժեշտութեան մասին»:
«Ընդհանուր քարտուղարը կը յիշեցնէ, թէ հակառակ անոր որ Ժընեւի միջազգային քննարկումները եւ արձագանգման ու միջադէպերու կանխարգիլման մեքանիզմը վերջին տարիներուն զգալիօրէն նպաստած են կայունութեան ամրապնդման, անհրաժեշտ է աւելին ընել անվտանգութեան առանցքային եւ մարդասիրական հարցերու, ներառեալ ներքին տեղահանուածներու եւ գաղթականներու բարդ դրութեան վերաբերող հարցերուն լուծման համար», ըսած է մամլոյ գրասենեակի ներկայացուցիչը եւ աւելցուցած, որ ՄԱԿ-ը «պիտի շարունակէ ամբողջութեամբ աջակցիլ այդ կարեւոր մեքանիզմին» եւ աշխատիլ Եւրոպական Միութեան ու ԵԱՀԿ-ի հետ` «բոլոր հարցերուն վերաբերեալ յառաջընթաց արձանագրելու համար»:
8 օգոստոս 2008-ին սկսաւ վրաց-օսական, նոյնինքն ռուս-վրացական պատերազմը, որ նաեւ յայտնի է «օգոստոսեան պատերազմ» անունով: Պատերազմը տեւեց հինգ օր եւ աւարտեցաւ վրացական կողմին պարտութեամբ, որմէ ետք Ռուսիան ճանչցաւ Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ անկախութիւնը: