Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէուտական Արաբիա Տուն Կը Կանչէ Քանատայի Մէջ Իր Դեսպանը Եւ Ռիատի Մէջ Քանատայի Դեսպանը Կը Նկատէ Անբաղձալի Անձ

August 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ թագաւորութիւնը խորհրդակցութեան համար տուն կանչած է Քանատայի մէջ իր դեսպանը եւ որոշած է Ռիատի մէջ Քանատայի դեսպանը նկատել անբաղձալի անձ մը, որ պէտք է 24 ժամուան ընթացքին հեռանայ երկրէն:

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ սերտած է Ռիատի մէջ Քանատայի դեսպանատան` Ռիատի մէջ ձերբակալուած քաղաքացիական հասարակութեան գործիչներուն վերաբերող յայտարարութիւնը, որուն մէջ սէուտական իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղուէր այդ գործիչները անմիջապէս ազատ արձակելու:

«Այդ կեցուածքը Քանատայի կողմէ ժխտական ու զարմանալի կեցուածք է եւ կը նկատուի ամբողջովին անճիշդ ու իրականութեան հակասող պնդում մը, որ չէ հիմնուած որեւէ ճիշդ տեղեկութեան կամ փաստի վրայ: Նշեալ անձերուն ձերբակալութիւնը կատարուեցաւ առնչակից կողմերու` ընդհանուր դատախազութեան կողմէ, որովհետեւ ամբաստանուած են յանցագործութիւններով, որոնց հիմամբ պէտք է ձերբակալուին, ըստ կիրարկուող կանոնակարգի, որ պահպանեց անոնց իսլամական օրէնքով եւ երկրին կանոնով երաշխաւորուած իրաւունքները, ինչպէս նաեւ հետաքննութեան ու դատավարութեան փուլերերուն ընթացքին անոնց ապահովեց բոլոր երաշխիքները», նշեց Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Սէուտական Արաբիան Քանատան ամբաստանած է իր ներքին հարցերուն միջամտութեան համար եւ սառեցուցած Քանատայի հետ առեւտրական ու ներդումային բոլոր նոր գործարքները:

Քանատայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց սէուտական որոշումին նկատմամբ` նշելով, որ կը փորձեն այդ առնչութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ:

Պահրէյն, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ,  Պաղեստինեան իշխանութիւն եւ Արաբական Լիկան զօրակցութիւն յայտնեցին Սէուտական Արաբիոյ:

Նախորդը

«Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւնը Կրնայ Սարսափելի Տագնապ Հրահրել» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.