Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Անկախութիւնը Մեր Իրաւունքն Է» Կ՛ըսէ Պարզանի

August 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի նախկին նախագահ Մասուտ Պարզանի քննադատած է դրացի ժողովուրդները` յայտարարելով, որ իրենք բարեկամութիւն առաջարկած են դրացի ազգերուն, սակայն վերջիններս «նոյնիսկ լաւ դրացի ըլլալ չընդունեցին»:

Քրտական «Ռուտաու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պարզանի նշած է, թէ քիւրտ ժողովուրդը չէ հրաժարած անկախութեան հասնելու իր նպատակէն, եւ ատիկա երկար, բարդ, սակայն կարեւոր հոլովոյթ է շրջանին մէջ:

«Անկախութիւնը մեր իրաւունքն է, ատիկա երկար հոլովոյթ է: Մենք չենք ըսած, որ հանրաքուէին ճիշդ յաջորդ օրը անկախ պիտի ըլլանք: Սակայն այս մասին արտայայտուիլը մեր իրաւունքն է», ըսած է Պարզանի:

Ան նաեւ հերքած է այն լուրերը, թէ 48 միլիառ տոլարի չափով անձնական միջոցներ ունի եւ ակնարկած է, որ եթէ այդքան հարուստ ըլլար,  Քիւրտիստանի ճակատագիրը այլ ձեւով կը դասաւորէր:

«Ցաւօք սրտի, սուտ է: Եթէ այդպէս ըլլար, հիմա շատ բան այլ ձեւով պիտի դասաւորուէր», նշած է Պարզանի:

Յիշեցնենք, որ 25 սեպտեմբեր 2017-ին, Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզին մէջ տեղի ունեցած անկախութեան հարցով հանրաքուէին մասնակցած քաղաքացիներուն 93,29 առ հարիւրը «այո» ըսած էր անկախութեան: Հանրաքուէին մասնակցութեան համեմատութիւնը 72,16 առ հարիւր էր:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի հանրաքուէն կոչած էր հակասահմանադրական եւ յայտարարած, որ Իրաքը զայն պիտի չընդունի: Հանրաքուէին դէմ արտայայտուած էին նաեւ Թուրքիան, Իրանը, Միացեալ Նահանգներն ու ՄԱԿ-ը:

Աւելի ուշ Իրաքի գերագոյն դաշնակցային դատարանը Քիւրտիստանի անկախութեան հանրաքուէն հակասահմանադրական ճանչցող եւ ատոր արդիւնքները ջնջող որոշում որդեգրած էր: Քրտական ինքնավար մարզի խորհրդարանը յայտնած էր, որ պիտի յարգէ դատարանին որոշումը:

 

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներ Հրապարակած Են Չինական Ապրանքներու «Սեւ Ցուցակ»-ը

Յաջորդը

Իրանի Մէջ Վնասազերծուած Են Ամբողջ Երկրի Տարածքին Ահաբեկչութիւններ Ծրագրած Խումբեր

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.