Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի Կ՛ողջունէ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Նկատմամբ Պրիւքսելի Դիրքորոշումը

Օգոստոս 8, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտարարած է, թէ ուրախ է, որ եւրոպական երկիրներու ղեկավարները հանդէս կու գան Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու որոշումին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` յղում կատարելով իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութեան:

«Եւրոպան կը դիմակայէ Միացեալ Նահանգներու հակաիրանեան դիրքորոշումը, հակառակ անոր որ երկար ժամանակէ ի վեր Ուաշինկթընի դաշնակիցն է», ըսած է Ռուհանի:

Իրանի նախագահը վերստին եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն կոչ ուղղած է` ձեռնարկելու այնպիսի միջոցներու, որոնք պիտի օգնեն Թեհրանին լրացնելու կորուստները ամերիկեան պատժամիջոցներէն:

Իսլամական հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է. «Իրան տակաւին կը սպասէ, որ Եւրոպան գործնական միջոցներու ձեռնարկէ հիւլէական համաձայնագիրը պահպանելու համար»:

Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ ու Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարները յայտարարած են, որ Եւրոպական Միութիւնը խորապէս կ՛ափսոսայ Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու պատժամիջոցներու վերականգնման համար:

Նախարարները ընդգծած են, որ Գործողութիւններու միացեալ համապարփակ ծրագիրը «կ՛աշխատի եւ կը կատարէ իր խնդիրները` ապահովելով իրանեան հիւլէական ծրագիրին խաղաղ բնոյթը»:

Աւելի՛ն, երէկ ուժի մէջ մտաւ Եւրոպական Միութեան արգելակման կանոնակարգը, որ իր տարածքին մէջ անվաւեր կը յայտարարէ Միացեալ Նահանգներու արտերկրեայ պատժամիջոցները Իրանի դէմ, Եւրոպական ընկերութիւններուն կ՛արգիլուի զանոնք կատարել, ինչպէս նաեւ կ՛արգիլէ կատարումը արտասահմանեան դատարաններու բոլոր այն վճիռներուն, որոնք որդեգրուած են այդ պատժամիջոցներուն հիման վրայ:

Միւս կողմէ, «Ուաշինկթըն Փոսթ» հաղորդեց, որ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ, արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի եւրոպական ընկերութիւններուն կոչ ուղղած է` աշխուժացնելու Իրանի հետ առեւտուրը եւ այդ երկրին մէջ տնտեսական գործունէութիւնը:

«Մենք մեր ուժերուն ներած չափով կ՛ընենք ամէն բան, որպէսզի Իրանը դուրս չգայ այդ գործարքէն, որպէսզի Իրանը շարունակէ տնտեսական օգուտ ստանալ այդ համաձայնագիրէն, որ օգուտ կու տայ այդ երկրի ժողովուրդին, որովհետեւ վստահ ենք, որ ատիկա կը համապատասխանէ ո՛չ միայն մեր շրջանի, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհի անվտանգութեան ոլորտի շահերուն», ըսած է Մոկերինի:

 

 

Նախորդը

Պատժամիջոցներու Հարցին Շուրջ Անգարա-Ուաշինկթըն Նախնական Համաձայնութիւն

Յաջորդը

Մոսկուա Հիասթափութիւն Կը Յայտնէ Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Վերականգնումէն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կազայի Մէջ Զինադադարը Տակաւին Ի Զօրու Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»
Միջազգային

Զախարովա. «Փութին-Թրամփ Վեհաժողովի Պատրաստութեան Դիւանագիտական Աշխատանքը Ընթացքի Մէջ Է»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մինչ Համաս Կը Հերքէ.  Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»
Միջազգային

Մինչ Համաս Կը Հերքէ. Նեթանիահու. «Ուժեղ Կերպով Պիտի Հակադարձենք Համասի Յարձակումին»

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?