Իրանի ապահովական մարմինները վնասազերծած են երկու ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք յարձակումներ ծրագրած էին երկրի տարբեր մասերուն մէջ:
ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Իրանի տեղեկատուութեան նախարարութիւնը, որուն ղեկավարը իրանեան գաղտնի սպասարկութեան ղեկավար այաթոլլա Մահմուտ Ալաւին է:
Ալաւիի համաձայն, ապահովական մարմինները կանխարգիլած են երկու ահաբեկչութիւններ, որոնք ծրագրուած էին գործադրուիլ մօտիկ ապագային` Իրաքի սահմանակից Խուզեստան ու Քիւրտիստան նահանգներուն մէջ: Բացի ատկէ, ծայրայեղականները յարձակումներ ծրագրած էին երկրի այլ տարածքներուն մէջ, ներառեալ մեծ քաղաքները:
Խմբաւորումներուն վնասազերծման գործողութեան ծիրին մէջ ձերբակալուած է 6 մարդ: Խուզարկութեան շնորհիւ անոնց մօտ յայտնաբերուած են զէնքեր, նռնակներ, ինքնաշէն ռումբեր, ականուած գօտիներ եւ ահաբեկչական յարձակումներ կատարելու համար անհրաժեշտ այլ պարագաներ:
Կը նշուի նաեւ, որ հետախուզական ծառայութիւնները սահմանապահներու հետ երկրին մէջ ահաբեկչութիւններու շարք կատարելու նպատակով պայթուցիկ նիւթերու մեծ քանակի ներածման փորձ կանխարգիլած են:
Դէպքին առնչութեան սկսած է հետաքննութիւն: