Միջազգային

«Իրան Պիտի Զարգացնէ Թուրքիոյ Հետ Լաւ Յարաբերութիւնները»  Կ՛ըսէ Քասեմի

«Իրան Պիտի Զարգացնէ Թուրքիոյ Հետ Լաւ Յարաբերութիւնները» Կ՛ըսէ Քասեմի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի բուռն կերպով քննադատեց Թուրքիոյ դէմ ամերիկեան պատժամիջոցները` խոստանալով Թեհրանի ամբողջական զօրակցութիւնը Անգարային: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք»` յղում կատարելով իրանեան ԻՐԻՊ լրատու գործակալութեան: «Կը յուսանք, որ թրքական կառավարութիւնն ու թուրք ժողովուրդը պիտի յաղթահարեն այս պայմանները եւ Թուրքիոյ դէմ արտասահմանեան ճնշումը, եւ (...) անոնք հաստատ ատիկա պիտի կատարեն, որովհետեւ ուրիշներ չեն կրնար բռնաճնշումի եւ...

Ամսթերտամի Մէջ Յարձակում` Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Դէմ

Ամսթերտամի Մէջ Յարձակում` Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Դէմ

Հոլանտայի մայրաքաղաք Ամսթերտամի մէջ անծանօթ անձ մը յարձակում գործած է Թուրքիոյ ընդհանուր հիւպատոսութեան շէնքին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի.Պի.Սի.»-ի թրքական ծառայութիւնը: Անծանօթ տղամարդը գիշերուան ժամերուն Մոլոթովի քոքթէյլ մը նետած է շէնքին ուղղութեամբ, որուն պատճառով տարածքին մէջ ծագած է ոչ շատ մեծ հրդեհ մը, որ կարելի եղած է արագօրէն մարել: Դէպքին պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած: Իրաւապահները արդէն ձերբակալած են...

22-ամեայ Ձախողութենէ Ետք.  Ղազախստանի Մէջ Ստորագրուեցաւ Կասպից Ծովու Համաձայնագիրը

22-ամեայ Ձախողութենէ Ետք. Ղազախստանի Մէջ Ստորագրուեցաւ Կասպից Ծովու Համաձայնագիրը

Երէկ Ազրպէյճանի, Իրանի, Ղազախստանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքմենիստանի ղեկավարները Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ գումարեցին ժողով մը, որուն աւարտին ստորագրեցին Կասպից ծովու կարգավիճակին շուրջ համաձայնագիր մը: Կասպից ծովը եզերող երկիրներու ղեկավարներու շուրջ մէկուկէս ժամ տեւած վեհաժողովին ընթացքին իրենց ստորագրած նշեալ համաձայնագիրին ճամբով անոնք որոշեցին Կասպից ծովը չեզերող երկիրներուն անոր ջուրերուն մէջ ներկայութիւնը արգիլել: Համաձայնագիրը նաեւ կը ճշդէ Կասպից ծովու կարգավիճակը, բան մը,...

Ըստ Հայտար Ապատիի Գրասենեակի Բանբերին.   Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Վերաբերեալ Իրաքի Դիրքորոշումը Կը Բխի Իրաքեան Ընդհանուր Շահերէն

Ըստ Հայտար Ապատիի Գրասենեակի Բանբերին. Իրանի Դէմ Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Վերաբերեալ Իրաքի Դիրքորոշումը Կը Բխի Իրաքեան Ընդհանուր Շահերէն

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատիի գրասենեակի բանբեր Սաատ Հատիսի յայտնեց. «Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցներուն վերաբերեալ Իրաքի դիրքորոշումը կը բխի իրաքեան ընդհանուր շահերէն»: «Այդ պատժամիջոցներուն վերաբերեալ Իրաքի կեցուածքը կամայական կամ շուտիկութիւն չէր, այլ բխեցաւ Իրաքի եւ իրաքցիներու շահերուն վերաբերող ուսումնասիրութենէ եւ հաշիւներէ, եւ ատոր մէջ չկար այլ երկիրներու կամ քաղաքական որոշ կուսակցութիւններու կեցուածքներու ազդեցութիւն», նշեց Հատիսի: «Իրաքեան կառավարութիւնը չի կրնար որդեգրել...

Էրտողան. «Ամերիկայի Միակողմանի Քայլերը Կը Վնասեն Անոր Շահերուն, Եւ Կրնանք Նոր Դաշնակիցներ Փնտռելու Սկսիլ»

Էրտողան. «Ամերիկայի Միակողմանի Քայլերը Կը Վնասեն Անոր Շահերուն, Եւ Կրնանք Նոր Դաշնակիցներ Փնտռելու Սկսիլ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներուն որդեգրած միակողմանի քայլերը միայն Ամերիկայի շահերուն ու անվտանգութեան կը վնասեն»` նշելով. «Ուաշինկթըն պէտք է հրաժարի իր սխալ միտքէն, թէ երկու կողմերուն յարաբերութիւնները կրնան իրարահաւասարութեան սկզբունքին հակասել, եւ պէտք է ընդունի Թուրքիոյ համար այլընտրանքներու գոյութիւնը»: Էրտողան «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց. «Եթէ ամերիկացի պաշտօնատարները...

Մետվետեւ. «Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Ուժեղացումը Համազօր Է Առեւտրական Պատերազմ Յայտարարելու»

Մետվետեւ. «Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու Ուժեղացումը Համազօր Է Առեւտրական Պատերազմ Յայտարարելու»

Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հետագայ ուժեղացումը պիտի գնահատուի իբրեւ տնտեսական պատերազմի յայտարարութիւն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին «Քրոնոցքի» արգելոցի աշխատակիցներուն հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ: «Չեմ փափաքիր մեկնաբանել հետագայ պատժամիջոցներու մասին խօսակցութիւնները, սակայն մէկ բան կրնամ ըսել. եթէ դրամատուներու գործունէութեան այս կամ այն դրամանիշի օգտագործման արգելքի սահմանման պէս բան մը տեղի ունենայ, ատիկա ուղղակի կարելի...

Վաղը Պիտի Ստորագրուի Կասպից Ծովու Կարգավիճակին Վերաբերող Համաձայնագիրը

Վաղը Պիտի Ստորագրուի Կասպից Ծովու Կարգավիճակին Վերաբերող Համաձայնագիրը

Քրեմլին երէկ յայտնեց, որ կասպեան հինգ երկիրներու ղեկավարները 12 օգոստոսին Ղազախստանի Աքթաու քաղաքին մէջ կայանալիք վեհաժողովին պիտի ստորագրեն Կասպից ծովու կարգավիճակին վերաբերող համաձայնագիրը: Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք, աւելի քան երկու տասնամեակ քննարկուող այս հարցին շուրջ մինչեւ հիմա համաձայնութիւն չէր գոյանար:

Մինչ Թրքական Լիրան Կը Շարունակէ Իր Մրցանշային Արժեզրկումը.  Էրտողան Անհեռանկարային Կը Նկատէ Թուրքիոյ Վրայ Տնտեսական Ճնշում Գործադրելու Փորձերը

Մինչ Թրքական Լիրան Կը Շարունակէ Իր Մրցանշային Արժեզրկումը. Էրտողան Անհեռանկարային Կը Նկատէ Թուրքիոյ Վրայ Տնտեսական Ճնշում Գործադրելու Փորձերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անհեռանկարային նկատած է իր երկիրին վրայ տնտեսական ճնշում գործադրելու փորձերը, ներառեալ` ելեւմտական համակարգի ապակայունացման ճամբով: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիոյ դէմ տարբեր արշաւներ կը կատարուին, ուշադրութիւն մի՛ դարձնէք անոնց: Եթէ անոնք տոլարներ ունին, ապա մենք ունինք մեր ժողովուրդը, իրաւունքն ու Ալլահը», նշած է Թուրքիոյ նախագահը` դիմելով սեւծովեան Ռիզա քաղաքի բնակիչներուն: Ան...

Իրանի Փոխնախագահը Իրաքէն Փոխհատուցում Կը Պահանջէ

Իրանի Փոխնախագահը Իրաքէն Փոխհատուցում Կը Պահանջէ

Իրանի փոխնախագահ Մահսումա Իպթիքար երէկ իրաքեան կառավարութենէն պահանջեց փոխհատուցում վճարել 8 ամեայ Իրան-Իրաք պատերազմին ընթացքին Իրանի կրած կենսոլորտային վնասներուն համար: Իպթիքար «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց.«Պէտք է կենսոլորտային, Իրաքի եւ Քուէյթի պատերազմի փոխհատուցումները գումարել Ծոցին հասած վնասներուն, որոնք միլիառաւոր տոլարներով կը գնահատուին»: Մէկ օր առաջ Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Մահմուտ Սատիքի իրաքեան կառավարութենէն պահանջած էր Իրան-Իրաք պատերազմին համար շուրջ 110 միլիառ տոլարի փոխհատուցում...

Լաւրով Թուրքիա Պիտի Այցելէ

Լաւրով Թուրքիա Պիտի Այցելէ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 13-14 օգոստոսին պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր պիտի մասնակցի Թուրքիոյ դեսպաններու խորհրդակցական նիստին: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այդ մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան: Այցելութեան ծիրին մէջ նաեւ կը նախատեսուի հանդիպում Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ: Կողմերը պիտի քննարկեն միջազգային օրակարգին առնչուող հարցեր, երկկողմանի համագործակցութիւնը եւ Սուրիոյ իրավիճակը:...

«Ուաշինկթըն Վճռակամ Է Ապահովել Հորմուզի Նեղուցի Մէջ Նաւարկումի Անվտանգութիւնը», Կ՛ըսէ Զօր. Վոթել

«Ուաշինկթըն Վճռակամ Է Ապահովել Հորմուզի Նեղուցի Մէջ Նաւարկումի Անվտանգութիւնը», Կ՛ըսէ Զօր. Վոթել

Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան ուժերու հրամատար զօր. Ճոզըֆ Վոթըլ շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ վճռակամ են ապահովել Հորմուզի նեղուցի մէջ նաւարկումի անվտանգութիւնը: «Յստակ է, թէ իրանցիները փորձեցին այս ամսուան սկիզբը նեղուցին մէջ իրենց կատարած ռազմափորձերը օգտագործել Ուաշինկթընի պատգամ մը յղելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թեհրան ուզեց փաստել, որ Հորմուզի ռազմավարական նեղուցին մէջ զինուորական կարողութիւններ ունի»: Ամերիկացի զօրավարը յայտնեց, որ Իրան նշեալ...

ՄԱԿ. «Սուրիոյ Մէջ Այլեւս Պաշարուած Շրջաններ Չեն Մնացած»

ՄԱԿ. «Սուրիոյ Մէջ Այլեւս Պաշարուած Շրջաններ Չեն Մնացած»

Սուրիոյ մէջ այլեւս պաշարուած որեւէ շրջան չկայ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այդ մասին Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի` Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակի խորհրդական Եան Էկելանը: «Այժմ Սուրիոյ մէջ այլեւս չկան շրջաններ, որոնք, ՄԱԿ-ի չափանիշերուն համաձայն, կը համարուին պաշարուած», ըսած է ան: ՄԱԿ մայիսին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ մէջ մնացած են պաշարուած միայն երեք շրջաններ` Ֆուղան,...

Թուրքիան Կը Ծրագրէ Չինաստանի Հետ Միասնաբար Կառուցել Հիւլէական Երրորդ Կայան Մը

Թուրքիան Կը Ծրագրէ Չինաստանի Հետ Միասնաբար Կառուցել Հիւլէական Երրորդ Կայան Մը

Թուրքիան կը ծրագրէ իրականացնել հիւլէական կայանի կառուցման ծրագիր մը` այս անգամ գործակցելով Չինաստանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը: Հիւլէական երրորդ հիւլէական կայանը կը նախատեսուի կառուցել Թուրքիոյ եւրոպական մասին մէջ` Թրակիոյ տարածքին: Այս մասին խօսած է երկրի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Ֆաթիհ Տէօնմեզ: Ան նշած է, թէ հիւլէական կայանի կառուցման յստակ վայրը տակաւին որոշուած չէ, սակայն Թրակիոյ...

Ռուսական Զինուորական Ոստիկանութիւնը Սկսաւ Տարածուիլ Կոլանի Ապազինեալ Գօտիին Մօտ

Ռուսական Զինուորական Ոստիկանութիւնը Սկսաւ Տարածուիլ Կոլանի Ապազինեալ Գօտիին Մօտ

Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական ոստիկանութեան ուժերու փոխհրամանատար գնդապետ Վիքթոր Ռազիցեւ յայտնեց, որ այդ ուժերը Կոլանի ապազինեալ գօտիին մէջ 8 դիրքեր պիտի հաստատեն` առ ի պատրաստութիւն շրջանին մէջ տարածուելու: Ան «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց. «Մենք այժմ Քնէյթրա նահանգի Ալֆիսիա անցքին վրայ ենք, ուր տեղադրուեցաւ ռուսական զինուորական ոստիկանութեան հսկողութեան առաջին կեդրոնը, եւ շատ շուտով պիտի հաստատենք եօթը այլ կեդրոններ` բոլորն ալ Քնէյթրա նահանգի...

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Շուրջ 100 Միջազգային Ընկերութիւններ Մտադիր Են Հեռանալ Իրանէն  Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Պատճառով

Ըստ «Սի. Էն. Էն.»-ի. Շուրջ 100 Միջազգային Ընկերութիւններ Մտադիր Են Հեռանալ Իրանէն Ամերիկեան Պատժամիջոցներուն Պատճառով

«Սի. Էն. Էն.» հաղորդեց, որ շուրջ 100 միջազգային ընկերութիւններ Թեհրանի դէմ ամերիկեան պատժամիջոցներու հաստատումէն եւ անոնց առաջին թղթածրարին այս շաբաթ ուժի մէջ մտելէն ետք կը սերտեն Իրանէն հեռանալու կարելիութիւնը: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, թէ շուրջ հարիւր միջազգային ընկերութիւններ յայտարարած են, թէ մտադիր են հեռանալ իրանեան շուկայէն` ընդառաջելով Իրանի եւ անոր գործակիցներուն դէմ ամերիկեան...

Հոկտեմբերին`  ՀԱՊԿ-ի Ռազմափորձեր Տաճիկիստանի Մէջ

Հոկտեմբերին` ՀԱՊԿ-ի Ռազմափորձեր Տաճիկիստանի Մէջ

Հոկտեմբեր 2018-ին Տաճիկիստանի մէջ տեղի պիտի ունենան ՀԱՊԿ-ի Կեդրոնական Ասիոյ շրջանային արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ «Ռուպեժ-2018» մարտավարական ռազմափորձերը: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի մամլոյ ծառայութիւնը: Կը նշուի, որ սպայակոյտի պատուիրակութիւնը Տուշանպէի մէջ կը մասնակցի ռազմափորձերու նախապատրաստական աշխատանքներուն, որոնց կը մասնակցին նաեւ Խըրխըզիստանի եւ Տաճիկիստանի պատուիրակութիւնները: Ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Հարպմայտանի մէջ: ՀԱՊԿ-ի...

Ուաշինկթըն Թուրքիոյ Յիշեցուցած Է  Ժողովրդավարութեան  Պահպանման Կարեւորութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Դէմ Նոր Պատժամիջոցներ Հաստատած Են

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սքրիփալներու հարցին պատճառով Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ հաստատած է: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ նոր պատժամիջոցները ուժի մէջ պիտի մտնեն ընթացիկ տարուան 22 օգոստոսէն: Կը նշուի, որ Սալզպըրիի մէջ թունաւոր նիւթ օգտագործելով Ռուսիան միջազգային իրաւունքի խախտում կատարած է, իսկ 1991-ին որդեգրուած օրէնքին համաձայն, որեւէ երկրի կողմէ կենսաբանական ու քիմիական զէնքի օգտագործումը կը յանգեցնէ Միացեալ...

Թուրքիոյ Արեւմտեան Ափերուն Մօտ Գաղթականներ Տեղափոխող Նաւ Մը Ընկղմած Է

Թուրքիոյ Արեւմտեան Ափերուն Մօտ Գաղթականներ Տեղափոխող Նաւ Մը Ընկղմած Է

Թուրքիոյ Այտըն նահանգի Քուշատասը քաղաքի ափերուն մօտ անօրինական ներգաղթեալներ տեղափոխող նաւ մը ընկղմած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Նաւուն վրայ գտնուած են 13 անձեր, որոնք կը փորձէին հասնիլ Յունաստան: Անոնցմէ 9-ն խեղդուած է, իսկ 4-ը` փրկուած: Զոհերէն 7-ը եղած է երեխայ, իսկ երկուքը` կին: Դէպքի վայր հասած են Թուրքիոյ եզերապահ ուժերու նաւերը:

Քոլոմպիան Ճանչցաւ Պաղեստինի Անկախութիւնը

Քոլոմպիան Ճանչցաւ Պաղեստինի Անկախութիւնը

Քոլոմպիոյ Հանրապետութիւնը Պաղեստինը ճանչցած է իբրեւ անկախ պետութիւն: Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Քոլոմպիոյ մէջ Պաղեստինի դեսպանատան պաշտօնական կայքին վրայ: «Պաղեստինի դեսպանատունը պատիւը ունի յայտնելու, որ Քոլոմպիոյ Հանրապետութիւնը որոշած է Պաղեստինը ճանչնալ իբրեւ ազատ, անկախ եւ գերիշխան պետութիւն», ըսուած է դեսպանատան մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ: Քոլոմպիական «Էլ Թիեմփօ» օրաթերթի տեղեկութիւններով` Պաղեստինի ճանաչման որոշումը որդեգրուած է անցեալ շաբաթ Քոլոմպիոյ արդէն նախկին նախագահ Խուան...

Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Պատճառով.  Իրաք Սառեցուցած Է Իրանի Հետ Դրամատնային Գործառնութիւնները

Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Պատճառով. Իրաք Սառեցուցած Է Իրանի Հետ Դրամատնային Գործառնութիւնները

Իրաքի իշխանութիւնները Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թեհրանի դէմ պատժամիջոցներու հաստատումէն ետք կասեցուցած են Իրանի ելեւմտական հաստատութիւններու հետ դրամատնային փոխանցումները: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է իրանեան «Մատա» ելեկտրոնային հրատարակութիւնը: «Մատա»-ի տուեալներով` Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը Իրաքի Կեդրոնական դրամատան ուղարկած է նամակ, որուն մէջ իրաքեան դրամատուները պարտաւոր նկատած է «կասեցնել Իսլամական հանրապետութեան դրամատուներուն հետ բոլոր գործառնութիւնները»` սպառնալով «սառեցնել անոնց հաշիւները...

Page 590 of 884 1 … 589 590 591 … 884

Արխիւներ