Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փոմփէօ-Չաւուշօղլու Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

August 9, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու ունեցած են հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞ր փուլին մէջ կը գտնուին թրքական իշխանութիւններուն հետ բանակցութիւնները, Նոուըրթ ըսած է.«Ես կրնամ ձեզի ըսել, թէ արտաքին գործոց նախարարը խօսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հետ, եւ անոնք բանակցած են, սակայն տեղեակ չեմ բանակցութիւններու մանրամասնութիւններէն, որոնք պիտի կարենայի ձեզի յայտնել»:

Ան չէ նշած, թէ արդեօք ամերիկեան վարչակազմի ներկայացուցիչները Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում պիտի ունենա՞ն Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ: «Ես այդ մասին տեղեկութիւն չեմ տեսած, սակայն, այս պահուս չկայ որեւէ բան, որ ես կրնամ ձեզի յայտնել», նշած է ան:

«Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սետաթ Էօնալի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը 7 օգոստոսին մեկնած է Ուաշինկթըն` լուծելու համար Թուրքիոյ մէջ պատուելի Էնտրիւ Պրանսընի կալանաւորման հարցով ստեղծուած լարուածութիւնը:

Դիւանագիտական աղբիւրներ «Հիւրրիեթ Տէյլի Նիուզ»-ին յայտնած են, թէ 9 հոգինոց պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Թուրքիոյ արդարադատութեան, ելեւմուտքի եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններէն ներկայացուցիչներ:

Նշենք, որ Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը երեքշաբթի օր յայտարարած էր. «Ամերիկան կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ հաստատ բարեկամն ու դաշնակիցը` հակառակ ներկայ լարուածութիւններուն: Մեր երկիրները կենսունակ տնտեսական յարաբերութիւն մը ունին»:

Նախորդը

«Իրանի Հետ Ուժանիւթի Ընթացող Առեւտուրը Պիտի Շարունակուի» Կ՛ըսէ Տէօնմեզ

Յաջորդը

Ուաշինկթըն Ռուսիոյ Կոչ Կ՛ուղղէ` Իր Ուժերը Հեռացնելու Աբխազիայէն Եւ Հարաւային Օսեթիայէն

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի  Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի  Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցի Ընթացքին` Ռուսական Քարիւղի Եւ Նաւթամթերքի Մատակարարման Շուրջ Համաձայնութիւն

October 12, 2026
Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի  Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ
Գլխաւոր լուրեր

Հուսիները Դարձեալ Ռմբակոծեցին Ռիատի Օդակայանը` Պատճառելով Զոհեր Ու Վիրաւորներ

October 12, 2026
«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք  Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ  Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու»  Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը
Միջազգային

«Չինաստանը Կարեւոր Դրացի Է, Եւ Աշխատանք Պիտի Տանինք Անոր Հետ Շինիչ Ու Կայուն Յարաբերութիւն Հաստատելու» Կ՛ըսէ Ճափոնի Վարչապետը

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.