Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուհանի Համաձայնած Է Խորհրդարանին Մէջ Պատասխանելու Իրանի Տնտեսութեան Խնդիրներուն Վերաբերող Հարցումներուն

August 7, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի պիտի պատասխանէ պետութեան տնտեսական խնդիրներուն վերաբերեալ խորհրդարանի երեսփոխաններուն հարցումներուն: Իրանեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այդ մասին նշուած է Ռուհանիի ուղերձին մէջ, որ ուղարկուած է խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիին:

«Նախագահին հարցումներ ուղղելու համար անհրաժեշտ է պահպանել առնուազն երկու կէտ: Նախ ատիկա պէտք է ըլլայ սահմանադրութեան ծիրին մէջ, երկրորդ` այդ պահանջը պէտք է ուղարկուի յարմար ժամանակին», գրած է Ռուհանի իր նամակին մէջ` նշելով, որ այդ պահանջներէն ոչ մէկը կատարուած է:

«Իշխանութիւններու թեւերուն միջեւ տարակարծութիւններէն խուսափելու եւ իսլամական խորհրդակցական խորհուրդին նկատմամբ յարգանք դրսեւորելու համար ես յարմար ժամանակին պիտի երթամ խորհրդարան եւ պիտի պատասխանեմ հարցումներուն», ըսած է նախագահը:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը նախապէս հաղորդած էր, որ Իրանի խորհրդարանը Ռուհանիին մէկ ամսուան պայմանաժամ ճշդած է տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման նպատակով ձեռնարկուող միջոցներու վերաբերեալ հաշուետուութիւն ներկայացնելու համար:

Խորհրդարանի նախագահ Լարիժանին յայտնած է, որ «խորհրդարանի 80 երեսփոխաններ պնդած են, որ այդ պահանջը ուղարկուի նախագահին»` ընդգծելով. «Այդպիսի ընթացակարգ նախատեսուած է սահմանադրութեան 88-րդ յօդուածով»:

Երեսփոխանները նախագահէն կը պահանջեն բացատրել ապրանքներու գիներու եւ դրամանիշի փոխարժէքի տագնապի լուծման քաղաքականութիւնը, ներկայացնել գործազրկութեան կրճատման եւ տնտեսական ընկրկումի կանխարգիլման քայլերը:

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Հոգեբանական Ճնշում Կը Գործադրեն Իրանեան Շուկաներուն Վրայ» Կ՛ըսէ Զարիֆ

Յաջորդը

«Վրաստանի` ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւնը Կրնայ Սարսափելի Տագնապ Հրահրել» Կ՛ըսէ Մետվետեւ

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.