Իրան Դիւանագիտական Բողոք Ներկայացուցած Է Վրաստանին
Իրան դիւանագիտական լուրջ բողոք ներկայացուցած է Վրաստանին` Թիֆլիսի օդակայանին մէջ շարք մը իրանցի ճամբորդներու նկատմամբ անարգանքի դրսեւորման առնչութեամբ: Անվտանգութեան ստուգումներու ընթացքին անոնց ստիպած են վերցնել լաչակները: Իրանեան «Թանսիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարած է, թէ Թեհրան լուրջ բողոք յայտնած է Վրաստանին իրանուհիներու հետ օդակայանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ: Այս յայտարարութենէն առաջ...




















