Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Սկսած Է Եւրոպական Միութեան Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

August 17, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան հետ Թուրքիոյ  յարաբերութիւնները սկսած են կարգաւորուիլ, Անգարան մտադիր է շարունակել Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման մասին բանակցութիւնները: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին խօսած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, Անգարայի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւններուն մէջ ճգնաժամի լոյսին տակ:

Թուրքիոյ նախագահի վարչակազմէն աղբիւր մը յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած են երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, վարչապետ Մերքել նշած է Գերմանիոյ համար թրքական տնտեսութեան կարեւորութիւնը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Էրտողանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր կարգին նշեց Թուրքիոյ տնտեսական կայունութեան կարեւորութիւնը Ֆրանսայի համար:

Երկու նախագահները իրենց զրոյցի ընթացքին շեշտեցին «երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ ներդրումները բարելաւելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը»:

Անոնք որոշեցին երկու երկիրներու ելեւմուտքի նախարարներուն միջեւ կարելի եղածին չափ շուտ ժողով մը գումարել:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը յիշեցնէ, որ երեքշաբթի օր թրքական դատարանը ազատ արձակած է երկու յոյն զինուորներ, որոնք մարտէն Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած էին լրտեսութեան մեղադրանքով: Չորեքշաբթի օր Պոլսոյ դատարանը ազատ արձակած է «Միջազգային ներում» իրաւապաշտպան կազմակերպութեան թրքական մասնաճիւղի ղեկավար Թաներ Քըլըճը, որ ձերբակալուած էր անցեալ տարուան յունիսին` 2016-ի յեղաշրջման փորձին մեղսակցութեան կասկածով:

«Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները սկսած են կարգաւորուիլ աւելի առողջ հիմքի վրայ, մենք մտադիր ենք շարունակել Եւրոպական Միութեան հետ մուտքի արտօնագիրի դրութեան ազատականացման շուրջ բանակցութիւնները: Յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութեան հանդիպումը Եւրոպական յանձնաժողովի առաջին փոխնախագահ Ֆրանս Թիմերմանզի հետ: Մենք մտադիր ենք աշխուժացնել Եւրոպական Միութեան հետ հաղորդակցութիւնները մուտքի արտօնագիրի ազատականացման հարցով», ըսած է Չաւուշօղլու` Անգարայի մէջ Թուրքիոյ դեսպաններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչներու խորհրդակցութեան ընթացքին:

 

Նախորդը

Էրտողանի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Քաթարի Իշխանը Թուրքիոյ Մէջ Հսկայական Ներդրումներու Մասին Յայտարարեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.