Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ «Իրանի Գործողութեան Խումբ» Կը Ստեղծեն

Օգոստոս 18, 2018
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը ստեղծեն այսպէս կոչուած «Իրանի գործողութեան խումբ»: Խումբին ղեկավարն է Պրայըն Հուք: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռաշա Թուտէյ»:

Փոմփէօ նշած է. «Աշխարհը իրանեան վարչակարգէն կը պահանջէ վարքագիծի փոփոխութիւն, որպէսզի ի վերջոյ անիկա «բնական» երկրի պէս վարուի»:

Փոմփէոյի համաձայն, «Իրանի գործողութեան խումբ»-ը պիտի նպաստէ այդ ուղղութեամբ Միացեալ Նահանգներու գործադրած ջանքերուն:

Հուք իր կարգին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներու նպատակը իրանցի ժողովուրդին համար աւելի պայծառ ապագայ ստեղծելն է:

«Իրանեան վարչակարգը անկայունութիւն եւ բռնութիւն հրահրող ուժ է», աւելցուցած է ան:

Խումբի ղեկավարին համաձայն, Միացեալ Նահանգներ Թեհրանի առջեւ դրած են ցանկ մը 12 կէտերէ բաղկացած պահանջներու, որոնք չկատարելու պարագային Ուաշինկթըն Թեհրանի դէմ աւելի խիստ պատժամիջոցներ պիտի հաստատէ:

Կէտերէն մէկուն համաձայն, Իրան պէտք է հեռանայ Սուրիայէն:

«Եւ եթէ Իրան կատարէ բոլոր 12 պահանջները, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատրաստ պիտի ըլլայ հանդիպելու իրանեան իշխանութիւններուն հետ», ըսած է ան:

Հուք իր խօսքին մէջ անգամ մը եւս ընդգծած է, որ «Իրանի գործողութեան խումբ»-ին նպատակը ոչ թէ իրանեան վարչակարգի, այլ ատոր վարքագիծի փոփոխութիւնն է:

«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Հուք նշած է. «Մենք կ՛ակնկալենք, որ առեւտրական աշխուժութիւնը, ներառեալ բեռներու փոխադրումները, մինչեւ նոյեմբեր պիտի հասցուին զերոյի: Մենք յոյս ունինք, որ մեր գործընկերները պիտի հետեւին պատժամիջոցներու դրութեան, եւ ես կը կարծեմ, որ կարիք չկայ յիշեցնելու Միացեալ Նահանգներու` երկրորդական պատժամիջոցներ կիրարկելու պատրաստակամութեան մասին», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Մոսկուան Բողոքագիր Յղած Է Ուաշինկթընին

Յաջորդը

Թրամփ. «Թուրքիան Բազմաթիւ Տարիներ Շահագործեց Ուաշինկթընը Եւ Չփաստեց, Թէ Լաւ Բարեկամ Է»

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?