Իրան դիւանագիտական լուրջ բողոք ներկայացուցած է Վրաստանին` Թիֆլիսի օդակայանին մէջ շարք մը իրանցի ճամբորդներու նկատմամբ անարգանքի դրսեւորման առնչութեամբ: Անվտանգութեան ստուգումներու ընթացքին անոնց ստիպած են վերցնել լաչակները:
Իրանեան «Թանսիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Քասեմի յայտարարած է, թէ Թեհրան լուրջ բողոք յայտնած է Վրաստանին իրանուհիներու հետ օդակայանին մէջ տեղի ունեցած միջադէպին առնչութեամբ:
Այս յայտարարութենէն առաջ լրատուամիջոցներուն մէջ տարածուած է այն լուրը, թէ իրանցի կին ճամբորդներ անարգանքի ենթարկուած են Թիֆլիսէն Սպահան թռիչքէն առաջ:
Քասեմիի համաձայն, ստեղծուած խնդիրը Վրաստանի մէջ Իրանի դեսպանատան ուշադրութեան առարկան է: