Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ սեպտեմբերին Թեհրանի մէջ Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու հանդիպման ընթացքին Ռուսիոյ նախագահը կրնայ անձնական հանդիպում ունենալ իր թուրք պաշտօնակիցին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Կազեթա»-ն` յղում կատարելով «Իզ» կայքին:
Կայքին տուեալներով` այդպիսի հանդիպման հաւանականութիւնը չի բացառեր նաեւ թրքական կողմը: Կը նշուի, որ հանդիպումը ամենայն հաւանականութեամբ տեղի պիտի ունենայ 7 սեպտեմբերին:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Փեսքով յայտարարած էր, թէ աշխատանքներ կը տարուին սեպտեմբերի սկիզբը Թուրքիոյ եւ Իրանի ղեկավարներուն հետ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հաւանական հանդիպումին առնչութեամբ:



